image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ. «Կրթասիրաց» վարժարանի տնօրէնութիւնը այցելեց Թեմակալ Առաջնորդին

Հալէպի մէջ. «Կրթասիրաց» վարժարանի տնօրէնութիւնը այցելեց Թեմակալ Առաջնորդին

Հակառակ Հալէպի եւ առհասարակ Սուրիոյ մէջ տիրող ծանրագոյն տնտեսական պայմաններուն Հալէպի «Կրթասիրաց» վարժարանը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Վարժարանի տնօրէնութիւնը գլխաւորութեամբ երկար տարիներու կրթական մշակ, հասարարակական գործիչ եւ վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Անդրանիկ Պօղոսեանի օրերս  այցելութիւն մը տուած է թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշգարեանի։

«Արեւելք» այս մասին վերահասու դարձաւ Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս կը գրուի՝

 

Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի ներկայացուցիչները՝ հոգաբարձութեան անդամներ, տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեան եւ վարչական կազմի անդամներ։

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ երկրչ. Մարալ Գալայճեան-Սէմէրճեան եւ Գուրգէն Գալուստեան։

Վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի հանդէսին իր բարձր հովանաւորութեան եւ ներկայութեան համար։ Ան խնդրեց Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի հանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս ամսուան մէջ։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան գլխաւորութեամբ վարժարանէն ներս տարուող հայակերտումի առաքելութիւնը եւ բարեյաջող երթ մաղթեց ողջ անձնակազմին եւ աշակերտութեան։