image

Հալէպի մէջ. Գնդապետ Արկադիա Տօնոյեանը պատուոյ գրեր յայնձնած է հալէպահայ լրագրողներուն

Հալէպի մէջ. Գնդապետ Արկադիա Տօնոյեանը պատուոյ գրեր յայնձնած է հալէպահայ լրագրողներուն

20 նոյեմբեր, 2022-ին Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութենէն ներս կազմակերպուած է հանդիսաւոր միջոցառում, որու ընթացքին Սուրիոյ մէջ ՀՀ Զինուած Ուժերու ներկայացուցիչ գնդապետ Արկադիա Տօնոյեանը պատուոգրեր յանձնած է Հալէպի մէջ ՀՀ ԳՀ աշխատակից Շանթ Ուրիշիկեանին, ՎԵՆՈւՍ լուսանկարչատան սեփականատէրեր Պերճ Պողիկեանին եւ Հրաչ Պողիկեանին, համակարգչային մասնագէտ Անդրանիկ Մանսուրեանին եւ Սուրիոյ մէջ Հ1 հեռուստաընկերութեան թղթակից Մարիա Գաբրիէլեանին:

Ա. Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ մէջ ՀՀ մարդասիրական խումբի ողջ անձնակազմի անունով՝ դրուատանքի խօսքեր ուղղած է պարգեւատրուած գործընկերներուն, որոնց ամենօրեայ աշխատանքի շնորհիւ հայ մասնագէտները լաւագոյնս կը կատարեն իրենց ծառայողական պարտականութիւնները: