image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպէն ուրախ լուր. Միրնա եւ Ռաֆֆի Պոյաճեաններու Սուրբ Պսակի արարողութիւնը (Լուսանկարներ)

  Հալէպէն ուրախ լուր. Միրնա եւ Ռաֆֆի Պոյաճեաններու Սուրբ Պսակի արարողութիւնը (Լուսանկարներ)

 Հայաշունչ մթնոլորտի մը մէջ օրերս Ռաֆֆի Պոյաճեանն ու Միրնա Յակոբեանը Հալէպի մէջ կանգնած են Սուրբ խորանի առաջ եւ ուխտած միասին շարունակել իրենց կեանքը։

Մեծ թիւով բարեկամներու, ինչպէս նաեւ հարազատներու ներկայութեամբ երիտասարդ զոյգը հայկական աւանդութիւններով հաղորդակից դարձուցած է ներկաները իրենց ուրախութեան։

 «Հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու, մենք որոշեցինք Հալէպի մէջ շարունակել մեր կեանքը եւ քրիստոնէական աւանդոյթներով ու ոգիով դրական շունչ մը բերելու մեր հաւաքական կեանքին», այս բառերով իրենց ամուսնութեան որոշումին մասին պատմեց ՝ Միրնա Յակոբեանը, որուն համար հայկական աւանդական երթիքի մը տակ ընտանիք կազմելը, սոսկ անձնական կարեւոր նուաճում մը չէ, այլ է նաեւ ճակատագիր ու կեանքը շարունակելու որոշում։

  Հալէպի  Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ  մէջ  տեղի ունեցած Սուրբ Պսակի արարողութիւնէն ետք տեղի ունեցած ուրախառիթ խրախճանքին ներկայ եղած են մեծաթիւ հիւրեր (Սուրիոյ տարբեր  քաղաքներէն, ինչպէս նաեւ  արտերկրէն)  որոնց հերթին ալ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Մասիս եպս. Զօպույանը, ինչպէս նաեւ համայնքային կրօնական եւ աշխարհիկ ներկայաուցիչներ եւ պատասխանատուներ։

 Նշենք, որ նորահարս՝ Միրնա Յակոբեան-Պոյաճեանը քոյրն է  «Արեւելք»ի  բարեկամներէն՝ Տիար Յակոբ Յակոբեանի, որ Հալէպի քրիստոնէական եղբայրասիրաց միութեան աշխոյժ եւ յարգուած պատասխանատուներէն է։

 

 Մեր խնդակցութիւնները նորապսակ զոյգին, յուսալով, որ Հալէպի խաղաղ երթիքի տակ նորանոր ուրախ առիթներ կ՚իրականացուին, ու հայկական նորակազմ օճախներէն յոյսի եւ սիրոյ սպիտակ ծուխեր կը բարձրանան։