image

Հալէպահայ տաղանդաւոր թմբակահար՝ Պերճ Պիքարեանի մահը՝ Գանատայի մէջ (Լուսանկար)

    Հալէպահայ տաղանդաւոր թմբակահար՝ Պերճ Պիքարեանի մահը՝ Գանատայի մէջ (Լուսանկար)

 Հալէպահայ տաղանդաւոր թմբկահար՝ Պերճ Պիքարեան մահացած է Գանատայի մէջ։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։

 Կը նշուի, որ Պերճ կը տառապէր անողոք հիւանդութիւնէ մը, որուն պատճառով ալ աւանդեց իր հոգին։

 Հալէպի մէջ իր աչքերը բացած Պերճ կանուխ տարիքէն սիրած է երաշտական աշխարհը ու երիտասարդութեան առաջին տարիներէն ի վեր նուիրուած է թմբակահարութեան ոլորտին։

 Ան հանդէս եկած է տարբեր խումբերու հետ արժանի դառնալով հանրութեան մեծ ուշադրութեան եւ գնահատանքին։

 Հալէպը վիրաւոր քաղաք դարձուցած պատերազմին հետեւանքով Պերճ կը ստիպուի հեռանալ եւ հաստատուիլ՝ Գանատա ու ապրեցաւ եօթ տարի եւ այնտեղ ալ մահացաւ թողնելով մաքուր անուն մը, եւ բարի յիշատակ, բոլոր զինք սիրողներու հոգիներուն մէջ։

  55 Տարեկան Պերճ Պիքարեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը կատարուած են Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցիէն ներս։