image

Հալէպահայ նահատակներու յիշատակին ՝յուշակոթողի բացում

  Հալէպահայ նահատակներու յիշատակին ՝յուշակոթողի բացում

 Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան մէջ, այսօր տեղի ունեցած Արցախեան վերջին պատերազմի ժամանակ նահատակուած հերոսներու ՝ Յարութ Բաոնյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի, եւ Մոսիկ Սեքլէմեանի յիշատակին ձօնուած յուշակոթողի բացում կատարուած է։

 

«Արեւելք»  այս մասին տեղեկացաւ համացանցէն

Մեծ թիւով հայրենակիցներու, ազգային գործիչներու, հարազատներու ներկայութեամբ, ինչպէս նաեւ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Մասիս եպս. Զօպույեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ եղած միջոցառման ընթացքին հնչած են աղօթքներ եւ յաւուր պատշաճի խօսքեր, իսկ հաւաքի աւարտին բացումը կատարուած է այս առթիւ կանգնեցուած յիշատակի յուշակոթողին։

 Նշենք նաեւ, որ յուշակոթողը գործն է հալէպահայ տաղանդաւոր արուեստագէտ՝ Վարդգէս Պարսումեանին։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Դաշնակցական մարտիկները նահատակուած էին Շուշի քաղաքի պաշտպանական մատոյցներուն մէջ, ճիշդ տարի մը առաջ այս օրերուն։

Տակաւին կ՚անդրադառնանք 

 

 Լուսանկարը քաղած ենք   հալէպահայ  օգտատէր ՝ Գարլօ  Օհանեանի  դիմատետրի էջէն։