image

Հալէպահայ գործարար Ներսէս Խարմանճեան կորուստը

Հալէպահայ գործարար Ներսէս Խարմանճեան կորուստը

Հալէպահայ գործարար Ներսէս Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ յարգուած գործարար՝ Ներսէս Խարամանճեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։

Ան որդին էր Սարգիս եւ Հռիփսիմէ Խարմանճեաններու եւ ծնած էր 1967-ին Հալէպի մէջ։

 Փոքրիկն Ներսէսը հազիւ 2 տարեկան էր, երբ ծնողները կ՚որոշեն Սուրիայէն հեռանալ եւ հաստատուիլ՝ Քուէյթի մէջ։ 

Կանուխ հասակէն եւ իր հօր կորուստին պատճառով պատանի Ներսէս կը նետուի կեանքի ասպարէզ եւ մեծ դժուարութիւններով կը նեցուկ կը կանգնի իր ընտանիքին։

 Կարեւոր յաջողութիւններու հասնելէ ետք կը կը դառնայ համասեփականատէրը՝ Քուէյթի մէջ գործունէութիւն ծաւալող «Թելեֆենճի» ընկերութեան։

 Կը կազմէ ընտանիք եւ կը դառնայ հայր երեք զաւակներու՝ Սագօ, Քրիստ, եւ Մայք։

Ներսէս Խարամանճեանի տարիներու երազը եղած է հայրենադառնալ ու հաստատուիլ Հայաստանի մէջ եւ այդպէս ալ կը կատարուի։

 Ցաւօք շատ կարճ կը տեւէ Ներսէսի ուրախութիւնը եւ անակնկալ մահը կը խլէ զինք իր սիրելիներէն տխրութեան ալիք մը բարձրացնելով հարազատներուն եւ զինք սիրողներուն սրտերուն մէջ։ 

 Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կը կատարուին Երեւանի մէջ։