Բարձր տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեանի համայնքի երիտասարդ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Արմէն վրդ. Գալայճեան օրերս ներկայ եղած է համաժողովրդային հաւաքի մը, որուն ընդհանուր բնաբանն էր՝ «Աչքերուդ համար Հալէպ»։
Սոյն հաւաքը կարող ենք համարել իշխանութիւններուն կողմէ նախաձեռնուած որոշակի քայլերու նախասկիզբ մը, որ նպատակ ունի դարձեալ վերականգնել Հալէպ քաղաքը։
Ստորեւ ատոր մասին տրուած լրատւութիւնը։
Հալէպի նահանգապետարանը Երկուշաբթի 30 Յունիս 2025-ի երեկոյեան, քաղաքին կեդրոնը գտնուող՝ Սաատ Ալլա աճ-Ճապիրի հրապարակին մէջ, ժողովրդային համախմբում մը կազմակերպեց, մեկնարկը յայտարարելով «Աչքերուդ համար, Հալէ՛պ» խորագրով արշաւին՝ պաշտօնական, ժողովրդական եւ քաղաքացիական հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։
Արշաւի մեկնարկը յայտարարող հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Իր ելոյթի ընթացքին, Հալէպի նահանգապետ, երկրչփ. Ազզամ ալ-Ղարիպ պարզեց, որ «Աչքերուդ համար, Հալէ՛պ» արշաւը քաղաքի ազատագրումէն վերջ մեկնարկած հասարակական նախաձեռնութիւններու գագաթնակէտն է, որուն ճամբով քաղաքացիական եւ հասարակական համապատասխան մարմիններ մեղուափեթակի պէս աշխատեցան ու պիտի աշխատին Հալէպը բարելաւելու՝ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ նախկին վարչակարգի թողած անտեսումներուն ու աւերներուն։ Ապա աւելցուց, որ այս ձեռնարկը հրաւէր է իւրաքանչիւր քաղաքացիի մասնակցելու քաղաքի վերակենդանացման եւ քարն ու մարդը կերտելու ազգային, համապարփակ ջանքերուն։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը