image
Հրատապ լուրեր:

Հակառակորդը կը շարունակէ խախտել պատերազմի բոլոր գրուած եւ չգրուած օրէնքները. Սուրէն Սարումեան

Հակառակորդը կը շարունակէ խախտել պատերազմի բոլոր գրուած եւ չգրուած օրէնքները. Սուրէն Սարումեան

Մարտական գործողութիւնները յատկապէս կեդրոնացած են հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով, Արցախի մէջ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՊԲ մամուլի խօսնակի պաշտօնակատար Սուրէն Սարումեանը։

«Հակառակորդը կը կիրառէ իր ողջ զինանոցը՝ անօդաչու թռչող սարքեր, զրահամեքենայ, յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներ, հրետանի։ ՊԲ մարտիկները ետ կը մղեն հակառակորդի բոլոր գրոհները», - ըսած է Սարումեանը։

Ան նշած է, որ հակառակորդին պատճառուած է կենդանի ուժի մեծ կորուստներ, որոնց թիւը կը ճշդուի։

«Հակառակորդը կը շարունակէ խախտել պատերազմի բոլոր գրուած եւ չգրուած օրէնքները։ Հրթիռային հարուածներ հասցուած են Ստեփանակերտի քաղաքացիական կառոյցներուն», - ըսած է ան: