image

Իրանի օդային տարածքը կը շարունակէ մնալ փակ

Իրանի օդային տարածքը կը շարունակէ մնալ փակ

Իրանը պիտի երկարաձգէ իր օդային տարածքի փակումը մինչեւ Յունիս 15-ի ժամը 01։30 (Երեւանի ժամանակով՝ 02։30), ըստ երկրի քաղաքացիական օդանաւային վարչութեան յայտարարութեան։

«Յատուկ դրութեան պատճառով՝ Իրանի քաղաքացիական օդանաւային վարչութիւնը կը յայտարարէ, որ երկրի օդային տարածքը կը մնայ փակ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի վաղ, երկրի օդանաւային իշխանութիւնները տեղեկացուցած էին, թէ բոլոր իրանեան օդակայաններու մէջ թռիչքներ պիտի չիրականացուին՝ մինչեւ յետագայ ծանուցում։