image

Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ հրադադարի համաձայնագիրը ձեռք բերուած է Քաթարի եւ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ․ Axios

Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ հրադադարի համաձայնագիրը ձեռք բերուած է Քաթարի եւ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ․ Axios

Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ հրադադարի համաձայնագիրը ձեռք բերուած է Քաթարի եւ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Axios-ը։

Քաթարի մէջ ԱՄՆ ռազմակայանի վրայ Իրանի յարձակումէն ետք, Իրան հաղորդագրութիւն ուղարկած է Սպիտակ Տուն՝ տեղեկացնելով, որ հետագայ հարուածներ պիտի չշարունակէ։

Ի պատասխան՝ ԱՄՆ վարչակազմը յայտարարած է, որ չի նախատեսեր պատասխանել իրանեան յարձակման եւ պատրաստ է վերսկսելու բանակցութիւնները Իրանի հետ։

Axios-ի հաղորդմամբ՝ այս զարգացումէն ետք շարունակուած են բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի, ինչպէս նաեւ Քաթարի եւ Իրանի միջեւ՝ հրադադարի պայմաններու եւ ատոր մեկնարկի ժամկէտի շուրջ համաձայնութեան գալու համար։

Սպիտակ Տան պաշտօնեայի խօսքով, որու անունը չի նշուիր, յունիս 23-ի երեկոյեան, երբ յստակ դարձած է, որ իրանցիները աւարտած են իրենց գործողութիւնները, նախագահ Թրամփ հեռաձայնած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին եւ ըսած, որ կ՛ուզէ, որ պատերազմը աւարտի։

Նոյն պաշտօնեան աւելցուցած է, որ Նաթանիահուն համաձայնած է հրադադարին եւ ընդգծած, որ Իսրայէլ այլեւս հարուածներ պիտի չհասցնէ, քանի դեռ Իրանը դադրեցուցած է իր հրթիռային յարձակումը։

Թրամփ զրուցած է Քաթարի էմիր Թամիմ ալ-Թանիի հետ, իսկ ԱՄՆ փոխնախագահ Վենսը զրուցած է Քաթարի վարչապետ Մոհամմետ պըն Ապտ ալ-Ռահման ալ-Թանիի հետ, որ ուղերձը փոխանցած է Իրանին եւ վերջնականապէս հաստատած հրադադարի պայմանները, ներառեալ՝ անոր մեկնարկի ժամկէտը։

Երբ ամէն բան համաձայնեցուած էր, Թրամփ հրադադարին մասին յայտարարած է Truth Social-ի մէջ իր գրառմամբ։