Մարտական գործողութիւնները յատկապէս կեդրոնացած են հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով, Արցախի մէջ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՊԲ մամուլի խօսնակի պաշտօնակատար Սուրէն Սարումեանը։
«Հակառակորդը կը կիրառէ իր ողջ զինանոցը՝ անօդաչու թռչող սարքեր, զրահամեքենայ, յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներ, հրետանի։ ՊԲ մարտիկները ետ կը մղեն հակառակորդի բոլոր գրոհները», - ըսած է Սարումեանը։
Ան նշած է, որ հակառակորդին պատճառուած է կենդանի ուժի մեծ կորուստներ, որոնց թիւը կը ճշդուի։
«Հակառակորդը կը շարունակէ խախտել պատերազմի բոլոր գրուած եւ չգրուած օրէնքները։ Հրթիռային հարուածներ հասցուած են Ստեփանակերտի քաղաքացիական կառոյցներուն», - ըսած է ան: