«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Սուրիոյ փինկ-փոնկի ախոյեան եւ վաստակաւոր մարզիչ՝ Յակոբ Միսակեան:
-Ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել ձեր ու ձեր անցած մարզական ուղիին մասին:
Ծնած եմ 1972-ին: Փոքր տարիքէս շատ սիրած եմ Փինկ-փոնկ-ը:1985-ին ծնողներս կ'աշխատէին Եէմէնի մէջ եւ այնտեղ սկսայ այդ մարզաձեւով զբաղուիլ։ Եէմէնի մէջ առաջին խաղերս սկսայ խաղալ մաս կազմելով «Ուահտէ» ակումբին: Այդ ժամանակ այս ակումբը պայմանագիր կնքած էր չինացի վաստակաւոր եւ փորձառու մարզիչի մը հետ, որ մեծ ներդրում ունեցաւ, որ ես դառնամ հմուտ ու փորձառու խաղացող ու ապա նաեւ անցնիմ մարզիչի գործունէութեան։ Չինացի մարզիչը կը մարզէր Եէմէնի ազգային խումբի բոլոր տարիքային խումբերը եւ անոնք 1980-ականներուն յաճախ կը դառնային արաբական աշխարհի ախոյեաններ:
1988-ին երբ ընտանիքիս հետ վերադարձայ Հալէպ, մասնակցեցայ կրտսերներու Հալէպի ախոյեանութեան եւ դարձայ Հալէպի ախոյեանը: Ապա Տէր Զօրի մէջ կայացած ախոյեանութեան դարձայ Սուրիոյ փոխ ախոյեան:
1989-ին վերադարձանք Եէմէն եւ այնտեղ դարձայ Եէմէնի 1989-ի ախոյեանը:
Ուսման պատճառով, որովհետեւ պիտի պատրաստուէի երկրորդականի պետական քննութիւններուն դադրեցայ խաղալէն եւ 1991-ին ընդունուեցայ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը: Հայաստանի մէջ բաւական խաղեր խաղցայ Հայաստանի այդ ժամանակուայ լաւագոյն խաղացողներուն հետ: Այդ տարիներուն Հայաստան կ'անցընէր ծանր շրջան մը:
1998-ին վերադարձայ վերջնականապէս Հալէպ եւ սկսայ դարձեալ աշխոյժ ձեւով զբաղիլ փինկ-փոնկի մարզաձեւով:
Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայութեան ժամանակ մաս կազմեցի Սուրիոյ բանակի փինկ-փոնկի խումբին եւ դարձայ 1998-ին Սուրիոյ փոխ ախոյեան:
Սուրիոյ «Ճէյշ» («Բանակ» խմբ. ՝ «Արեւելք») ակումբի հետ նուաճեցի բազում տիտղոսներ։ Ապա տեղափոխուեցայ Հալէպի «Հուրրիէ» ակումբը եւ դարձայ Սուրիոյ փոխ ախոյեան:
1999-ին սկսած էի արդէն պատրաստել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փինկ-փոնկի խումբը, որպէս մարզիչ եւ հիմքը դրինք Հ.Մ.Ը.Մ-ի մանկապատանեկան տարիքային խումբերուն:
2003-ին միացայ Հ.Մ.Ը.Մ-ին, թէ՛ որպէս խաղացող եւ թէ՛ որպէս մարզիչ բոլոր տարիքային խումբերուն համար: 2005, 2006 եւ 2007 թուականներուն Հ.Մ.Ը.Մ դարձաւ Սուրիոյ փոխ ախոյեան եւ Սուրիոյ հանրապետական բաժակի փոխ ախոյեան եւս:
2005-ին «Ճալաա» ակումբը, որ Սուրիոյ ախոյեանն էր զիս հրաւիրեց իր կազմին մէջ ըլլալու, եւ մասնակցելու արաբական երկիրներու ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Եէմէնի մէջ:
2007-ին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անուան տակ Լիբանանի մէջ մասնակցեցանք արաբական երկիրներու ախոյեաններու մրցաշարքին եւ 84 ակումբներու մէջ գրաւեցինք 9-րդ դիրքը:
2009-ին տեղափոխուեցայ «Սքաք» («Երկաթուղիներ») ակումբը նախ իբր խաղացող, եւ մինչեւ օրս իբր մարզիչ կը շարունակեմ մարզական կեանքս Հալէպի «Երկաթուղիներ» ակումբին մէջ:
Բազմիցս դարձած եմ Հալէպի ախոյեան եւ երկար տարիներ մաս կազմած եմ Սուրիոյ փինկ-փոնկի ազգային խումբին եւ տարբեր վայրերու մէջ ներկայացուցած եմ Սուրիան։
- Իբր մարզիչ ինչպիսի՞ սերունդ պատրաստած էք:
Իմ մարզած խաղացողներէն են Մկօ Սիւմպիւլեանը, որ այժմ Սուրիոյ ազգային (աւագներու) խումբին մաս կը կազմէ եւ Սուրիոյ լաւագոյն խաղացողներէն մին է
Սուրիոյ պատերազմի ժամանակ՝ մարզանքն ալ դադար առաւ, միայն 2018-ին մենք վերսկսանք բնական ձեւով մարզուիլ «Երկաթուղիներ» ակումբին մէջ։ Դարձեալ կազմեցի նոր խումբ մը կրտսերներու, պատանիներու եւ մեծահասակներու. 2019-ին մեծահասակները դարձան Սուրիոյ փոխ ախոյեաններ եւ իրաւունք ստացան մասնակցելու արաբական երկիրներու ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Յորդանանի մէջ:
Մենք ունինք շատ տաղանդաւոր կրտսեր խաղացողներ Սուրիոյ մակարդակի վրայ, որոնցմէ է Յովիկ Միսակեան (Մեր խօսակից՝ Յակոբ Միսակեանի որդին) , որ մաս կը կազմէ Սուրիոյ պատանեկան ազգային խումբին, նոյնպէս կը մարզեմ Ալի Տաշաքը, որ նմանապէս Սուրիոյ ազգային խումբի խաղացող է:
Անցեալ տարի Յովիկ Միսակեան դարձաւ Սուրիոյ լաւագոյն խաղացողը եւ պարգեւատրուեցաւ յատուկ բաժակով մը:
Հակառակ պատեարզմին այսօր Սուրիոյ մէջ ունինք բացառիկ մարզիկներ եւ օրինակ մը տալու համար յիշեմ մարզիկներ՝ Գրիգոր եւ Պետիկ Փայասլեանները, որոնք Հալէպի լաւագոյն եռեակին մէջն են:
2006, 2007 եւ 2008-ին հրաւիրուեցայ Արցախ մասնակցելու Արցախի նախագահի կազմակերպած միջազգային մրցաշարքին, ուր կային բազմաթիւ երկիրներէն մարզիկներ եւ ես ներկայացուցի ՝Սուրիան։
2008-ին Երեւանի մէջ մասնակցած եմ «Յարութիւն Յակոբեան»-ի անունը կրող միջազգային Փինկ-փոնկի մրցաշարքին: