Թուրքիոյ արեւմուտքը գտնուող Պուրսա քաղաքին մէջ ազգայնականները «Պուրսասփոր»-«Ամետսփոր» (Տիարպէքիրը ներկայացնող խումբ, Տիրապէքիրի մէջ կը բնակի քրտական մեծամասնութիւնը) ֆութպոլային խաղի ժամանակ անկարգութիւններ կազմակերպած են։
Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ դեռ գիշերը «Պուրսասփորի» երկրպագուները իրարանցում առաջացուցած էին այն հիւրանոցին մէջ, ուր գտնուած են «Ամետսփորի» ֆութպոլիստները։ Անոնք ցեղապաշտական կարգախօսներ հնչեցուցած են եւ ճայթռուկներ վառած։
Իսկ խաղի ընթացքին «Պուրսասփորի» երկրպագուները Մահմուտ Տըլտըրըմի պատկերով (թրքական հետախուզութեան գաղտնի գործակալ, որ կը պայքարէր Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ) պաստառներ բարձրացուցած են։
Երբ «Ամետսփորի» խաղցողները մտած են խաղադաշտ, «Պուրսասփորի» երկրպագուները վանկարկած են. «Հայրենիքն անբաժանելի է։ Ես երջանիկ եմ, որ թուրք եմ։ Ջախջախէ անոր, որ կը համարձակի նայիլ քու հայրենիքիդ, որդիս։ Վրէժ»։
Այնուհետեւ «Ամետսփորի» ֆութպոլիստներու վրայ սկսած են տարբեր առարկաներ նետել։ Խումբի դարպասապահը վնասուածք ստացած է։
Աւելի վաղ Թուրքիոյ քրտամետ Ժողովուրդներու դեմոկրատական (HDP) կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան կասկած յայտնած էր, որ իրաւապահ մարմինները կը յաջողին ապահովել տիարպէքիրցի ֆութպոլիստներու անվտանգութիւնը։
Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խօսնակ Օմեր Չելիք նոյնպէս արձագանգած է միջադէպին։
«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք անոնց, որոնք իրականացուցած են այդ սադրանքը։ Ոչ մէկ պարագայի կարելի է նման փորձեր թոյլ տալ»,-յայտարարած է ան։
Դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ: