image

Հացահատիկի հարցով Մոսկուա բարձր կը պահէ նշաձողը

Հացահատիկի հարցով Մոսկուա բարձր կը պահէ նշաձողը

ՄԱԿ-ը 90 օր ունի 18 յուլիսին իր գործողութիւնը դադրեցուցած «հացահատիկի գործարքի» շրջածիրէն ներս շարունակելու աշխատանքը ռուսական գիւղատնտեսական ապրանքներու արտահանման խոչընդոտները վերացնելու ուղղութեամբ: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ-ն՝ յղում կատարելով այս թեմայով Ռուսիա-ՄԱԿ յուշագրի դրոյթներուն, գրած է kommersant.ru-ն:

«Ըստ յուշագրի 6-րդ կէտի՝ համաձայնագիրը ուժի մէջ պիտի ըլլայ երեք տարի, եւ եթէ կողմերէն մէկը (Ռուսիան եւ ՄԱԿ-ը) մտադիր են դադրեցնել ատոր կիրառումը, ապա պէտք է ծանուցեն երեք ամիս առաջ։ Այսպիսով, ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնը դեռ 90 օր ունի՝ շարունակելու աշխատանքը ռուսական գիւղատնտեսական ապրանքներու արտահանման կարգաւորման ուղղութեամբ»,- ըսուած է մամուլի հաղորդագրութեան մէջ։

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ կնքուած «հացահատիկի գործարքը» կ'ենթադրէր ուքրանական հացահատիկի արտահանում Սեւ ծովով, ինչպէս նաեւ կը վերացնէր ռուսական պարարտանիւթերու եւ սննդամթերքի մատակարարման խոչընդոտները: Ռուսիան 18 յուլիսին չէ երկարաձգած գործարքը՝ իր առաջադրած պայմանները չկատարելու պատճառով։ Ուքրանիան ՄԱԿ-ի երկիրներուն կոչ ըրած է Ռուսիայէն պահանջելու վերսկսիլ գործարքը։ Եւրոմիութիւնը նոյնպէս կոչ ըրած է վերադառնալու գործարքին։