image

Գոյժ. «Այս անսպասելի դաժան լուրը խորապէս ցնցած է մեզ բոլորս»

Գոյժ. «Այս անսպասելի դաժան լուրը խորապէս ցնցած է մեզ բոլորս»

Սրտի անհուն կսկիծով կը գուժենք Գահիրէի ՀԲԸ միութեան «Ծիածան» մանկական երգչախումբի դաշնակահարուհի Նանօր Աբիկեանի ողբալի եւ անժամանակ մահը։

Այս անսպասելի դաժան լուրը խորապէս ցնցած է մեզ բոլորս։

Նանօր Աբիկեան «Ծիածան» երգչախումբի հիմնադրման օրէն (2004 թուական) երկու տասնամեակ շարունակ դաշնակահարի իր սիրայօժար ծառայութիւնը մատուցած է խումբին։ Ան իր թէ՛ կատարողական տաղանդով, եւ թէ՛ մարդակային լուսաւոր կերպարով՝ մեծապէս նպաստած է երգչախումբի աշխատանքներուն եւ համերգային ծրագիրներու յաջող իրականացմանը։ 

Երգչախումբի ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայ եւ նախկին բոլոր անդամները իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն մեր բոլորի սիրելի Նանօրի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն այս մեծ եւ անդարմանելի կորուստին դիմաց եւ կը հայցենք Աստուծոյ մխիթարութիւնը։

Խունկ եւ աղօթք իր անթառամ յիշատակին։

 

Գահիրէի ՀԲԸՄ ԾԻԱԾԱՆ Երգչախումբի Ղեկավարութիւն

30 Մայիս 2023