Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս եւ աւանդութեան համաձայն Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ եւ AMAA-ի պատուիրակութեան անդամները բարձրացան Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերդի, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայ ժողովուրդի նահատակներուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Հայաստանեաց Աւետարանական Եկղեցւոյ պաշտօնական կայքէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Հայոց Մեծ Եղեռնէն 109 տարի անց՝ ապրիլ 24-ին, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը յաղթահարողներու սրտին մէջ նոր խոկում ու աղօթք մըն է: Հայոց մեծ եղեռնէն 109 տարի անց հայ ժողովուրդը նոր ցեղասպանութիւն ապրեցաւ. արցախահայութիւնը կտրուեցաւ արմատէն ու անյագ կարօտը սրտին մէջ՝ տարագիր դարձաւ:
Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ անդամներն ու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան աշխատակիցները միասին քայլերթով հասան անմար կրակին, ծաղիկներ խոնարհեցին՝ յարգելով ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակը, ու լուռ աղօթքով Աստուծոյ հոգածութեան յանձնեցին այսօրուան հայրենիքը, հայ ժողովուրդն ու նոր մարտահրաւէրները, որոնց ստիպուած ենք դիմագրաւելու:
«Ահաւասիկ Աստուած է իմ փրկութիւնը. ես կը վստահիմ եւ չեմ սարսափիր, որովհետեւ Տէր Աստուած է իմ զօրութիւնն ու սաղմոսը։ Ան եղաւ իմ փրկութիւնը»։ (Եսայի 12.2)