Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս օրերս ուշագրաւ ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի դարաւոր Զմմառու վանական համալիրէն ներս։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Զմմառու Վանքի դիմատետրեան էջէն, ուրկէ կը կարդանք՝
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միջոցառումներու շրջագիծը` կ'ընդգրկէր նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորաց կողմէ ներկայացուած` «Նահատակ գրագէտներու ոդիսականը» խորագրով զեկոյցները։
Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ի,երեկոյեան ժամը 6-ին, Զմմառու Վանքի Արծիւեան ժողովասրհէն ներս։Նախաձեռնութեամբ` Համանուն կրթօճախի տեսուչթեան։
Կազմակերպութեամբ` ժառանգաւորներու։
Ներկայութեամբ` Պէյրութի թեմի Կաթողիկէ Հայոց կղերաց դասին, տեղի ունեցած ոգեկոչման` Բացման խօսքով հանդէս եկաւ` համանուն կրթօճախի փոխտեսուչ` Գեր.Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանը։
Կիս.Սահակ Պօղոսեան ներկայացուց` տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական դէպքերն ու հետեւանքները։Կիս.Էտի Շահպազեան` Գրիգոր Զոհրապի կեանքի ուղին։
Եղբ. Յակոբ Ժամկոչեան` Դանիէլ Վարուժանի կեանքը, գործերն ու ողբերգական Նահատակութիւնը։Եղբ. Աբրահամ Իսահակեան` Սիամանթոյի ժառանգը։
Եղբ. Պօղոս Էմիշեան` հայ ժողովուրդի հետ տարագրուած` հայոց երկու Կաթողիկոսութիւններու կրած անդառնալի կորուստներն ու իրաւունքը նաեւ գաղութաշինութեան աշխատանքները։
Ընթացքին Ժռնգ. Եղիա Ուրֆալեան ընթերցեց` բանաստեղծներու գործերէն հատուածներ։
Ոգեկոչման աւարտին խօսք առաւ` դպրեվանքի տեսուչ եւ նորընտիր` Պէյրութի թեմի օգնական Եպիսկոպոս` Արհ. Տ. Գրիգոր Եպս.Պատիշահ։
Գերպծռ. Տէրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի կրած բազում-բազմապիսի կորուստներուն եւ որպէս փիւնիկ` մոխիրներէն վերընձիւղուելով` գոյատեւելու փաստին։
Գերպծռ.Գրիգոր բարձր գնահատեց ժառանգաւորներու կազմակերպած ոգեկոչումը։
Միջոցառման աւարտին` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ.Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ Նորատունկեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ ժառագաւորներուն յորդորեց` ըլլալ արժանավայել միաբաններ եւ միեւնոյն ոգիով հասնիլ`Սուրբ խորանի ծառայութեան։
Ապա մասնակիցները ստացան` ժառանգաւորաց "Կանչ Հրեշտակապետին" տարեգիրքի` Ապրիլ 24-ի, նուրիուած բացառիկ թիւը։ Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, ուր Մեծաւոր հօր "Պահպանիչ"ով վերջ գտաւ ոգեկոչումը։