Երէկ, 10 մայիսին Պոլսոյ Շիշլի շրջանի Քէնդ Մշակոյթի Կեդրոնէն ներս Հայ Ժողովրդական երգերու համերգ տեղի ունեցած է, հայրենի երգիչ Գուրգէն Տապաղեանի եւ իր նուագախումբի մասնակցութեամբ:
Նշենք, որ համերգը կազմակերպուած էր Վարդանանց երգչախումբի հիմնադրութեան 85 ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս: