Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, օրերս, Գումգաբուի մէջ սարքուած է ամավերջի սեղան մը, որուն մասնակցած են պոլսահայ հոգեւորականաց դասի անդամները, սարկաւագները, կիսասարկաւագները եւ դպրաց դասերու ներկայացուցիչները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Շաբաթավերջին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գումգաբուի մէջ սարքուեցաւ ամավերջի սեղան մը։ Բացի պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներէն, ներկայ էին նաեւ սարկաւագները, կիսասարկաւագները եւ դպրաց դասերու ներկայացուցիչները։
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան յաջորդեց ընթրիքը, որ նախատեսուած էր՝ իբրեւ երախտիքի երեկոյթ։ Կարգ մը սարկաւագներ երախտագիտութեան առարկայ դարձան՝ երկարամեայ ծառայութեան համար։ Բոլորին նուիրուեցաւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի կողմէ պատրաստուած «Աստուածաշունչէն» եռալեզու գիրքը։
«Պէզճեան» սրահի ընթրիքին ժամանակ, ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Հելտա Այնաեիւզ։ Հնչեցին մեներգներ, որոնք ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքով եւ Տէրունական աղօթքով։