ՀՀ Քննչական կոմիտէի Սիւնիքի մարզային քննչական վարչութեան մէջ իրականացուած քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններու արդիւնքով պարզուած են կնոջ կողմէ ամուսինին նկատմամբ սպանութեան փորձ կատարելու դէպքի հանգամանքները:
Քննութեամբ ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն, Գորիս քաղաքի 30-ամեայ բնակչուհին, տեղեակ ըլլալով ամուսինին արտամուսնական կապի մասին, 2021-ի Օգոստոս 25-ին` ժամը 14:00-ի սահմաններուն, ամուսնուն ապօրինաբար կեանքէն զրկելու դիտաւորութեամբ, տունէն վերցնելով պենզինով լեցուած շիշ եւ լուցկի, գացած է Գորիս քաղաքի Արցախեան խճուղին մէջ գործող սնունդի կէտ, ուր աշխատած է ամուսինին ընկերուհին:
Այնտեղ հանդիպած է վերջինիս ու ամուսինին, անոնց միջեւ անձնական հարցերու շուրջ վիճաբանութիւն ծագած է, որու ընթացքին կինը դիւրավառ հեղուկը լեցուցած է ամուսինին վրայ եւ հրկիզած, սակայն իր կամքէն անկախ հանգամանքներով յանցագործութիւնը աւարտին չէ հասցուցած քանի որ տղամարդը վազած է յարակից ինքնաշարժի լուացման կէտ, ուր ջուրի միջոցով մարած են կրակը, ապա տեղափոխած են բժշկական կեդրոն:
Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ` կնոջ մեղադրանք առաջադրուած է` ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 34-104-րդ յօդուածի 1-ին մասով: Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը:
Նախաքննութիւնը աւարտած է, եւ քրէական գործը, մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ, ուղարկուած է դատավարական հսկողութիւն իրականացնող դատախազին: