image

Յունաց Բարթոլոմիոս Պատրիարքը դրուատիքով խօսած է Հայ Եկեղեցւոյ եւ Յունաստանի Փոխ Առաջնորդ Գերպ. Տ. Յովհհաննէս Սաղտըճեանի մասին (Լուսանկարներ)

 Յունաց  Բարթոլոմիոս Պատրիարքը  դրուատիքով խօսած է Հայ Եկեղեցւոյ  եւ  Յունաստանի Փոխ Առաջնորդ Գերպ. Տ. Յովհհաննէս Սաղտըճեանի մասին (Լուսանկարներ)

Ուշագրաւ է, որ Գոմիթինի տուած իր այցի շրջանակներուն մէջ Յունաց Տիեզերական Ամեն. Տ.  Բարթոլոմիոս  Պատրիարք    դրուատական խօսքեր  յղած է  Հայց. Առաքելական  եկեղեցւոյ  հասցէին  մասնաւորելով մեր եկեղեցւոյ  այդ շրջանի ներկայաուցիչներէն եւ ներկայիս Յունաստանի Հայոց Թեմի  Փոխ Առաջնորդ  Գերպ. Տ.  Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեանին ունեցած   դրական դերը, ոչ միայն երկու եկեղեցիներու  առկայ  ամուր  կապը  հզօրացնելու, այլ նաեւ տեղի յունաց համայնքին  հանդէպ Հայր Սուրբին  ցոյց տուած սիրոյն եւ յատուկ ուշադրութեան համար։ Եւ առ այդ  Յունաց Տիեզերական Պատրիարքը  Յունական  Ուղղափառ Եկեղեցւոյ  յատուկ խաչով մը պատուած է Հայր Սուրբ եւ զինք ալ հրաւիրած է Պոլիս,  իր  հիւրը դառնալու համար։

 

Կազմակերպութեամբ՝ Յունաստանի Գոմոթինիի քաղաքի  Մետրոպոլիտին եւ Ս. Լերան Վանահայրին, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Բարթոլոմէոս Պատրիարքին, օրերս  Թրակիոյ Գոմոթինի քաղաքին մէջ իւրաքայատուկ եկեղեցական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։

 

Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ  Թրակիոյ իր աղբիւրէն։

Մեր  աղբիւրին հաղորդմամբ    Ս. Լեռէն Ս. Մարիամ Աստուածածնի մեծ սրբապատկեր մը բերուած է,  որ   միայն հազուագիւտ առիթներով   դուրս կը  բերուի  եւ առաջին անգամ ըլլալով   բերուած է Գոմոթինի, ուր մեծ տօնախմբութեամբ մը նշուած է այս  հոգեպարար  առիթը։

Արարողութեան  իր մասնակցութիւնը բերած է  նաեւ Հայ եկեղեցին, ներկայութեամբ Յունաստանի Փոխ Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան։ Գերպ. Հայր Սուրբին ընկերակցած է  շրջանի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Դանիէլ Քհնյ. Գալօղլեանը։ 4 օրերու ընթացքին տեղի ունեցած են  ժամերգութիւններ եւ ճաշկերոյթներ, եւ այդ առիթներուն  ներկայ եղած են  Յունաստանի Փոխ Առաջնորդն ու Գոմոթինիի Ատենապետ՝ Պրն. Ստեփան Մաթէոսեանը։

 Նշենք նաեւ, որ Չորեքշաբթի օրուան ընթրիքի ընթացքին, Բարթոլոմէոս Պատրիարքը բոլորին ներկայութեան գնահատանքի խօսքեր ուղղած  է  Փոխ Առաջնորդ Հայր Սուրբի  հասցէին  բարձր գնահատելով   անոր կատարած գործը Յունաստանի եւ յատկապէս Թրակիոյ Յոյն Համայնքին  վերջինիս կատարած ծառայութեան համար եւ այս առիթով խաչ մը նուիրած։ 

Պատրիարքը յատուկ կերպով պատուած է  Գերպ. Հայր Սուրբը  եւ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին  զինք  հրաւիրած է  Պոլսոյ  Պատրիարքարան՝ իր  հիւրը ըլլալու համար։ Հայ եկեղեցւոյ պատիւը բարձր պահելով, Գերպ. Հայր Սուրբը եւս խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնած ր  Բարթոլոմէոս Պատրիարքին եւ Գոմոթինիի Մետրոպոլիտին, Յունական տեղական կառավարութեան, ինչպէս նաեւ Աթէնքի եւ զանազան շրջաններու մէջ գտնուող պետութեան պատասխանատուներուն։

Յայտնենք նաեւ, որ  այդ  օրերուն ներկայ  եղած են նաեւ  նաեւ Աթէնքէն եւ զանազան շրջաններու մէջ ծառայող Մետրոպոլիտներ։ Գերպ. Հայր Սուրբը զանազան հանդիպումներ ունեցած է , ինչպէս Գալամաթայի,  նոյնպէս ալ Կ. Պոլսոյ մէջ   գործող  Պատրիարքարանի եպիսկոպոսներուն։