image

Գրիգորի Խաչատուրեանը ազատ արձակուեցաւ

Գրիգորի Խաչատուրեանը ազատ արձակուեցաւ

3-րդ բանակային ջոկատի նախկին հրամանատար, զօրավար-մայոր Գրիգորի Խաչատուրով ազատ արձակուած է։ Ան դուրս ելած է «Վարդաշէն» Քրէակատարողական հիմնարկէն։ Այս մասին լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին յայտնած է փաստաբան Յակոբ Ենոքեան։

Յիշեցնենք, որ նախօրէին յայտնի դարձած էր, որ Գրիգորի Խաչատուրովի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոխարինուած է գրաւով եւ վարչական հսկողութեամբ։

Վերաքննիչ հակակոռուպցիոն (հակափտածութեան) դատարանը՝ դատաւոր Արմէն Յովհաննիսեանի նախագահութեամբ, մասնակի բաւարարած է Գրիգորի Խաչատուրովի կալանաւորման ժամկէտը երկարացնելու որոշման դէմ բողոքը։ Խաչատուրովի նկատմամբ որպէս գրաւի չափ սահմանուած է 20 միլիոն դրամ: