ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիան լքած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստերու դահլիճը՝ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի՝ Մոսկուայի հասցէին մեղադրանքներէն յետոյ։
Կը հաղորդուի, որ Միշէլը Գրեմլինը մեղադրած է համաշխարհային պարէնային ճգնաժամի համար։ Բացի այդ, ան մեղադրած է Ռուսիան՝ Ուքրանիոյ նաւահանգիստները արգելափակելու եւ հացահատիկ գողնալու համար։
Նեպենզիան չէ լսած անոր ելոյթը եւ հեռացած է։
Իր հերթին, ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլյանսքին ուշադրութիւն հրաւիրած է «արեւմտեան գործընկերներու կողմէ հնչեցուած չհիմնաւորուած մեղադրանքներու ճնշող աստիճանին վրայ»։
«Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը նոյնպէս, ի հեճուկս փաստերու, մեղադրեց մեզ պարէնային ճգնաժամ հրահրելու համար։ Ան այնքան համարձակ եւ կոպիտ խօսեցաւ, որ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչը լքեց դահլիճը։ Զարմանալի է, թէ որքան յետադիմած են Եւրոմիութիւնը եւ անոր ղեկավարները», գրած է ան թելեկրամեան ալիքով։