image

Գլխաւոր Դատախազը մեկնած է Գահիրէ

Գլխաւոր Դատախազը  մեկնած է Գահիրէ

ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը քառօրեայ աշխատանքային այցով մեկնած է Եգիպտոս:

Այցի շրջանակներուն մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ, մասնաւորապէս, Եգիպտոսի գլխաւոր դատախազին, վարչական վերահսկողութեան ծառայութեան ղեկավարին հետ:

 Նախատեսուած է Հայաստանի եւ Եգիպտոսի գլխաւոր դատախազներու հանդիպման ճամբով պայմանաւորուած` երկու երկիրներու գլխաւոր դատախազութիւններուն միջեւ փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրում:

Այցի օրակարգին մէջ, երկու երկիրներու ջերմ, բարեկամական կապերուն համահունչ, Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ իրաւական ոլորտի մէջ յարաբերութիւններուն նոր շունչ հաղորդելն է` հիմնուած 2007թ. Ապրիլ 15-ին Գահիրէի մէջ ստորագրուած` երկու երկիրներու միջեւ քրէական գործերով իրաւական փոխադարձ օգնութեան եւ յանձնման մասին համաձայնագրերուն վրայ, այդ ծիրին մէջ` նաեւ դատախազական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան խթանումը:

 Վերոնշեալ նպատակներով Գահիրէ այց կատարելու հրաւէրը Արթուր Դաւթեանը Եգիպտոսի գլխաւոր դատախազէն ստացած է 2021-ի Դեկտեմբերին Շարմ ալ Շէյխ քաղաքին մէջ կայացած Փտածութեան դէմ պայքարի ուխտի (UNCAC) անդամ երկիրներու համաժողովի 9-րդ նստաշրջանին մասնակցութեան ծիրին մէջ: