Պաքուի մէջ պահուող ռազմագերիներու հարազատները գիշերած են Կառավարութեան շէնքի դիմաց։ Անոնք մինչ այս պահը կը շարունակեն մնալ այնտեղ։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ռազմագերիներէն մէկու հարազատը՝ Տիգրանը՝ աւելցնելով, որ այսօր անոնց վարչապետի աշխատակազմէն մէկը մօտեցած եւ յայտնած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը զբաղուած է եւ չի կրնար այսօր անոնց ընդունիլ։
Ռազմագերիներու հարազատները պիտի շարունակեն մնալ Կառավարութեան շէնքի դիմաց։
Յիշեցնենք, որ ռազմագերիներու հարազատները երէկ կէսօրէն հաւաքուած էին Կառավարութեան շէնքի դիմաց եւ հանդիպում պահանջած էին իրաւասու այնպիսի մարդու հետ, որ կրնայ իրենց հարցերին սպառիչ պատասխաններ տալ՝ հայ ռազմագերիները վերադարձնելու հարցերու շուրջ։
Կառավարութենէն նախ յայտնած էին, որ երկու անձ կ'ընդունին, սակայն գերիներու հարազատները հրաժարած էին նման ձեւաչափէ։ Որոշ ժամանակ անց, այնուամենայնիւ, անոնցմէ մի քանին հանդիպեցան վարչապետի խօսնակի հետ, բայց հանդիպումէն ետք յայտնեցին, որ որեւէ յստակ պատասխան իրենց չէ տրուած:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել