Օրերս իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանը։
Սրբազան Հայրը, իր առաջնորդական պաշտօնին վերընտրութեան համար մասնաւորապէս գրած է ՝
Այսու կ’ուզենք մեր խոնարհ զգացմանց հաղորդ դարձնել բոլոր անոնք, ովքեր իրենց շնորհաւորական խօսքը յղեցին մեզ, Արեւմտեան թեմի Պատգամաւորական 96-րդ ժողովի ընթացքին Առաջնորդի վստահութեան քուէով շարուակելու մեր հոգեւոր սպասաւորութիւնը Արեւմտեան թեմէն ներս, 2024 Մայիսէն սկսեալ եւս եօթ տարիներ։
Աստուծոյ կամօք եւ Ձեր բոլորի աղօթքներու զօրակցութեամբ, մարդկային մեր կարողութեանց սահմաններուն ներածին չափով պէտք է շարունակենք ծառայել մեր սուրբ եկեղեցուն՝ միշտ հաւատարիմ մնալով մեր նախնեաց ծառայական ոգիին։
Եկեղեցին, որ ամբողջութիւնն է հաւատացելոց, Աստուծոյ ընծան է, որուն առջեւ խոնարհած պիտի ծառայենք սիրով ու հաւատարմութեամբ։
Կրկին մեր խորին շնորհակալութիւնները թեմի հոգեւոր դասին, պատգամաւորներուն, Ծխական եւ յարակից բոլոր մարմիններուն, հաւատաւոր մեր ժողովուրդին ու Հայոց Հայրապետին օրհնութեան համար, որ միայն պարտաւորեցնող է եւ հոգեւորապէս ներշնչող։
«Զքոյս ի քոյոց Քեզ մատուցանեմ,
Ըստ ամենայնի եւ յաղագս ամենեցուն»։
Մնամք խոնարհ աղօթարար՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Արեւմտեան թեմի