image

Գիներու բազմապատկում

Գիներու բազմապատկում

Նոյն առումով ալ Հուսիները Կարմիր ծովուն մէջ բացի առկայ անդորրը խանգարելէ եւ անվտանգութեան գօտիները իրար անցընելէ, կարողացան ուղղակի հարուածներ տալ թիրախ դարձնելով Իսրայէլի բազմաթիւ ափեր ու քաղաքներ։ Անոնց օգտագործած զէնքերը կամ զինարդիւնաբերութեան հիմնական բանալիները կը բաղկանան անօդաչու թռչող սարքերէ եւ հեռահար հրթիռներէ, որոնք Հուսիներուն կը տրամադրուին Իրանի կողմէ։

 

Միջին Արեւելքի մէջ Կազզէի պատերազմի բռնկումէն ի վեր նոր խաղացողներ աւելցան հակամարտութեանց քարտէսին վրայ։ Անոնց ամենէն իւրայատուկը, անշուշտ, Եմէնի Հուսիներն են, որոնք բացի տարբեր խաղաոճ մը որդեգրելէ, կարողացան նոր իրավիճակ մը ստեղծել Կարմիր ծովու ջուրերուն մէջ։ Ծովային փոխադրութեան հանգուցային օղակ մըն է Կարմիր ծովը, որ առանցքային է ո՛չ միայն շրջանի երկիրներու, այլեւ՝ Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի համար։ Այդ ծովուն շնորհիւ բազում շրջաններ իրարու կը կապուին ու Արեւելքէն արտահանուած նաւթի հարստութիւնը կ՚ուղեւորուի դէպի Եւրոպա։

Հուսիներուն համար գերագոյն նպատակը, անշուշտ, Արեւմուտքը նաւթէ զրկելը չէ, այլ խանգարել եւ անհանգստացնել Իսրայէլը, որուն համար այդ ծովային ճանապարհները կը շարունակեն փրկօղակ հանդիսանալ։ Նոյն առումով ալ Հուսիները Կարմիր ծովուն մէջ բացի առկայ անդորրը խանգարելէ եւ անվտանգութեան գօտիները իրար անցընելէ, կարողացան ուղղակի հարուածներ տալ թիրախ դարձնելով Իսրայէլի բազմաթիւ ափեր ու քաղաքներ։ Անոնց օգտագործած զէնքերը կամ զինարդիւնաբերութեան հիմնական բանալիները կը բաղկանան անօդաչու թռչող սարքերէ եւ հեռահար հրթիռներէ, որոնք Հուսիներուն կը տրամադրուին Իրանի կողմէ։

Այս կէտին բացորոշ է, անշուշտ, որ Հուսիները, որոնք կը համարուէին Սէուտական Արաբիոյ ոխերիմ թշնամիները, այսօր նախկինին նման չեն շարժիր։ Անոնց համար հիմնական թշնամի չեն համարուիր Ռիատն ու Սէուտական իշխող ընտանիքը, իբր այդ ալ դադար տուած են Սէուտական Արաբիոյ ուղղութեամբ գրոհներուն։

Անշուշտ, հարկ է դիտարկել Ռիատ-Թեհրան համաձայնութիւնը, որ կնքուեցաւ Չինաստանի բարերար մօտեցումով եւ որուն ամենահիմնականը ու առանցքային կէտը կը համարուի սիւննի-շիի հակամարտութեան սառեցումը, ինչ որ անշուշտ յաւիտենական չէ։ Այս կէտին, հարկ է անդրադառնալ, թէ ներկայ պայմաններով հուսիներու ամենամեծ թշնամին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն է։ Անոր ծովուժը իր ներուժով կը շարունակէ համարուիլ Կարմիր ծովու ամենատիրական ներկայութիւններէն մին։

Միւս կողմէ, «Foreign Policy»ի վերլուծաբանները Կարմիր ծովը խոշորացոյցի տակ կը պահեն՝ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ պայմաններով։

Ըստ յօդուածին՝ մինչ Հուսիներու աստղը կը փայլի, բեռնատար նաւերու պարագային մտահոգութիւնները հետզհետէ կը խորանան։ Կարմիր ծովէն անցնող կամ անոր վրայ շրջագայող բեռնանաւերուն Եմէնի կողմէ կ՚ըլլան յարձակումներ, որոնք սկսած են Կազզէի պատերազմին զուգահեռ, ամերիկեան եւ եւրոպական ծովային ուժերը գրեթէ դարձած են անզօր։

Եմէնի յարձակումները դադրեցնելու նպատակով ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ եւ Եւրոպայի ռազմածովային ուժերու ջանքերը ապարդիւն են։

Ձախողեցան արեւմտեան բուռն ծովային գործողութիւնները, որոնք կը շարունակուին ամիսներէ ի վեր փորձելով կասեցնել Եմէնի յարձակումները Կարմիր ծովու մէջ: Արդէն շուրջ վեց ամիսէ ի վեր սկսած են Կարմիր ծովու մէջ Եմէնի զինեալ ուժերու յարձակումները։ Համաշխարհային նաւագնացութիւնը ստիպուած է գործել եւ հաշտուիլ ներկայ իրադրութեան հետ, որովհետեւ ուշացումները, շփոթը եւ մեծ ծախսերը հետզհետէ աւելիով կը վատացնեն վիճակը: Աշխարհի յառաջատար ռազմածովային ուժերը, որոնք կը պայքարին ենթարկելու Եմէնը, սակայն, յայտնուած են այս վիճակին մէջ եւ կը շեշտեն, թէ արեւմտեան ռազմածովային ուժերու կարող եւ արդիւնաւէտ են։ Անոնք պէտք է պատասխանատու ըլլան դիմակայելու որեւէ առճակատում հիմնական մրցակիցի հետ. ինչպէս՝ Չինաստանը:

Ըստ Գերմանիոյ Կիլ համալսարանի անվտանգութեան կեդրոնի եւ քաղաքական անվտանգութեան հիմնարկի ծովային ռազմավարութեան փորձագէտ Սեպաստիան Պրոնզին, եմէնցիները ապացուցած են, որ ահռելի ուժ են: «Անոնք պետական կողմ չեն, սակայն, աւելի մեծ ռազմավարութեամբ կը ներկայանան եւ իսկապէս ի վիճակի են գլխացաւանք պատճառել արեւմտեան դաշինքին, երբ նաւատորմը կայունութեան խնդիր ունի այս մակարդակով այդ իրապէս մտահոգիչ է», կ՚ըսէ Պրոնզ ու կը շարունակէ. «Չէր սպասուեր, որ այս գործողութիւններու հետեւանքով յառաջացած իրարանցումը այսքան երկար տեւէր, մանաւանդ արեւմտեան ռազմածովային ուժերու ժամանելէն ետք: Երբ ամերիկա-անգլիական համատեղ տեղակայումը տեղի ունեցաւ՝ բեռնափոխադրող ընկերութիւններու ապահովագրական սակերը քիչ մը նուազեցան: Անցնող գարնան կայունացան առաքման ծախսերը։ Այնուհետեւ, ութ ամիս ետք բեռնափոխադրումը յանկարծակիօրէն աւելի վատթարացաւ։ Ինչ կը վերաբերի ամերիկեան կեդրոնական հրամանատարութեան հաղորդագրութեան, թէ ԱՄՆ-ի նաւերը կը հարուածեն Եմէնի անօդաչու սարքերը, հրթիռներն ու նաւերը, պարզապէս թմբուկի ձայներ են: Իսկ եմէնցիները, որոնք կ՚օգտագործեն հականաւային հրթիռներ, այժմ աւելի ու աւելի կը դիմեն անօդաչու թռչող սարքերուն»:

Բաց աստի, բեռնարկղերու առաքման ծախսերը շուրջ 1600 տոլարէն բարձրացած են 5000 տոլարի:

Հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ ռազմածովային ուժերը, նաեւ կարգ մը եւրոպական նաւեր, Եմէնի յարձակումներու սկիզբէն ի վեր կը փորձեն վերականգնել բնական նաւագնացութիւնը, սակայն, առանց էական որեւէ յաջողութեան:

ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ ջանքերը՝ դադրեցնելու կամ տկարացնելու համար Եմէնի կարողութիւնը, յանգեցաւ թանկ խաղի մը, քանի եմէնցիք ապացուցեցին, որ ակնկալուածէն աւելի շարժունակ են եւ ամերիկեան պատահական յաղթանակները՝ ինչպէս ռատարներու ոչնչացումը, ծովու մէջ կաթիլ մը ջուր են: Ինչպէս նաեւ ծովային լրատուամիջոցներով շարունակական հրապարակումներն ու առարկութիւնները սպառած նիւթեր են:

Ըստ քոնկրէսականներու՝ ԱՄՆ բաւականաչափ հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ չ՚արտադրեր, որպէսզի օգտագործուին ամերիկեան ռազմածովային ուժերու կողմէ՝ Կարմիր ծովու մէջ Եմէնի անօդաչու թռչող սարքերն ու հրթիռները խոցելու:

Որպէս եզրակացութիւն՝ այնքան ատեն, որ նաւերը կը շարունակեն իրենց ուղղութիւնը շեղել եւ ապահովագրական սակերը աճ արձանագրել, կը նշանակէ, թէ ԱՄՆ-ի մօտեցումը չէ հասած իր նպատակին եւ ամերիկացիք Կարմիր ծովու խաղին մէջ թոյլ վիճակի մատնուած են։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...