ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը պատասխանած է «Արմենփրես» լրատուական գործակալութեան հարցերուն: Հարցուպատասխանը՝ ստորեւ.
- Արդեօ՞ք ՀՀ կառավարութիւնը կը պատրաստուի Ղազախստանէն տարհանել ՀՀ քաղաքացիները:
- Այս պահի դրութեամբ նման մտադրութիւն չկայ։
- Ինչպիսի՞ առաքելութիւն պիտի իրականացնեն ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերու կազմով Ղազախստան մեկնող ՀՀ զինուորները։
- Հայ խաղաղապահներուն խնդիրը ռազմավարական նշանակութեան կառոյցներու պահպանութիւնը պիտի ըլլայ։
- Արդեօ՞ք կան տուժածներ ՀՀ քաղաքացիներու շրջանակին մէջ։
- Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հաղորդմամբ՝ ՀՀ քաղաքացիներու շրջանակին մէջ տուժածներ չկան։