Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար, զօրավար-գնդապետ Ալի Նակիեւը յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանը «համապարփակ երաշխիքներ կը տրամադրէ հայերուն՝ Ղարաբաղի տարածքին ապահով ապրելու համար»։
ԱՊԱ գործակալութեան հաղորդմամբ, այդ մասին ատրպէյճանցի պաշտօնեան ըսած է Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչի հետ հանդիպման։
Հանդիպման քննարկուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան, խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերող հարցեր։