ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Ժոզեփ Պորել թուիթըրեան էջին անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի մէջ անցակէտի տեղադրման:
«Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի երկայնքով միակողմանի անցակէտ տեղադրելը կը հակասէ լարուածութիւնը թուլացնելու եւ հարցերը երկխօսութեան միջոցով լուծելու ԵՄ կոչերուն։ ԵՄ-ն կը շարունակէ ներգրաւուած ըլլալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին: Պէտք է ապահովուին Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը», - գրած է Պորել:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանն ապրիլ 23-ին, խախատելով եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները, ապօրինաբար անցակէտ տեղադրած է Լաչինի միջանքցին՝ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ: