image

Ղարաբաղի հարցով էականը անվտանգութիւնն է. Եւրոպացի պաշտօնատար

Ղարաբաղի հարցով էականը անվտանգութիւնն է. Եւրոպացի   պաշտօնատար

Իրաւունքներն ու անվտանգութեան հարցը եղած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սկզբնաւորման հիմնական խնդիրներէն մէկը եւ առանց այս թեմային անդրադառնալու չենք կրնար հասնիլ համապարփակ կայուն լուծման, ըսած է Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը` պատասխանելով հարցին, թէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը ինչ նկատի ունէր, երբ Պրիւքսէլի մէջ Մայիս 22-ի եռակողմ հանդիպումէն յետոյ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ զրոյցին մէջ ընդգծած է Ղարաբաղի մէջ հայ բնակչութեան իրաւունքներուն ու անվտանգութեան անդրադառնալու անհրաժեշտութիւնը:

«Նախագահ Միշէլը ընդգծած է այն փաստը, որ, իր կարծիքով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու շուրջ բանակցութիւններէն բացի, կարեւոր է անդրադառնալ Ղարաբաղի մէջ հայ բնակչութեան իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան խնդիրին: Միջպետական յարաբերութիւնները, բնականաբար, շատ կարեւոր են եւ պէտք է կարգաւորուին: Մենք շատ լաւ գիտենք, որ իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը միջցեղային առումով եղած են հակամարտութեան սկզբնաւորման հիմնական խնդիրներէն մէկը: Առանց այս թեմային անդրադառնալու մենք չենք կրնար հասնիլ համապարփակ կայուն լուծման:

Ինչ կը վերաբերի կարգավիճակին եւ ինքնորոշման, ԵՄ-ն միշտ ունեցած է յստակ դիրքորոշում` մենք պիտի աջակցինք որեւէ համաձայնագրի, որ կ'երաշխաւորէ երկարաժամկէտ կայուն լուծում: Խաղաղութեան գործընթացները սովորաբար կ'ուղեկցուին վախերով, յոյզերով, շահարկումներով եւ սխալ մեկնաբանութիւններով, այդ բնական է», ըսած է ան:

Թոյվօ Քլաար նշած է, որ այս ծիրին մէջ «կարեւոր է, որ գործընթացը ըլլայ հնարաւորինս թափանցիկ, որպէսզի հասարակութիւնները յստակ պատկերացում ունենան այն մասին, թէ ինչ կը քննարկուի»:

«Նաեւ լարուածութիւնը եւ հռետորաբանութիւնը թուլցնելու անհրաժեշտութիւն կայ: ԵՄ-ն ողջունեց Ապրիլ 13-ին խորհրդարանի մէջ Հայաստանի վարչապետ Ն. Փաշինեանի կատարած արտայայտութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Ի. Ալիեւի վերջին դիրքորոշումը թշնամութեան էջը շրջելու եւ հակամարտութենէն տուժած բոլոր անձերուն համար, ըլլայ այդ հայ բնակչութիւնը, թէ վերջին ռազմական գործողութիւններէն տեղահանուած անձեր, ապահով եւ դրական ապագայ ապահովելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ», ըսած է ան: