Լոս Անճելըսի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան Խաչքար մը ձօնած է ընդհանուր հիւպատոս, դեսպան Տիար Արմէն Պայպուրտեանին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀՀ դիւանագէտի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
«Երախտապարտ եմ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին՝ իմ պատուին խաչքար ձօնելու եւ այն օծելու համար»։