Օրերս Միացեալ Նահանգներու հայաշատ Լոս Անճըլըս նահանգին մէջ տեղի հայկական մարմիններ հանդէս եկան կոչով եւ նախաձեռնութեամբ ուղղուած հերոսական Արցախին։
Ցուցական արարքի կողքին տեղի հայկական եկեղեցիներու առաջնորդներ ուղերձ մը յղեցին, որ բողոքի ցոյցերուն կողքին պիտի կատարեն ծոմապահութեան եւ աղօթքի արարողութիւն մը ոգեղէն զօրակցութիւն եւ նեցուկ ցոյց տալու Արցախցիներուն։
Այդ ուղերձներուն մէջ իւրայատուկ շեշտով մը հնչեց ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի յղած ուղերձը եւ զայն կը ներկայացնենք ստորեւ ։
ԱՂՕԹՔԻ ԵՒ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Սիրելի՛ բարպաշտ հայորդիներ,
Արցախի համար դժուարին այս օրերուն աղօթքի եւ ծոմապահութեան հրաւէրով կը դիմենք Ձեզ, որպէսզի մեր աղօթքը միացնենք արցախցի մեր քոյրերու եւ եղբայրներու նուիրական պայքարին՝ յանուն իրենց հայրենի բնօրրանի մէջ ազատ ապրելու։
Օգոստոս 24-ը յայտարարած ենք Աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր, այն հաւատով, որ ի միութիւն ենք Արցախի բարձունքներուն արթուն կանգնած մեր ժողովուրդին եւ մեր միասնական աղօթքը կ’ամրապնդէ Արցախը, ոգի կու տայ ամիսներ շարունակ շրջափակման ծանր կացութեան առաջ կանգնած արցախցուն։
Աղօթքի եւ ծոմապահութեան այս օրն այնպէս միասնական ոգով անցնենք, որ մեր սրտին զարկն զգան Արցախի մեր հայրենակիցները, գօտեպնդուին և մխիթարուին, որ աննահաջ զաւակներ ունին նաև հեռաւոր այս ափերուն։ Աստուծոյ կանչն է, որ մնանք միաբան ու սիրով, միմեանց զօրավիգ և այնքան հզօր, որ ամբողջ աշխարհը զարթնի իր լռութենէն։
Բոլորով ծնկաչոք աղօթենք, որ Աստուած իր Աջը պահէ Արցախի եւ մեր հայրենիքի վրայ ու պահպանէ մեր ժողովուրդի զաւակները զրկանքներէ, եւ որ Արցախը օր առաջ ազատուի ներկայ տագնապներէն եւ իր ազատատենչ հոգիին արժանի ազատութիւնը վայելէ։ Ամէն։
Յովնան Արք. Տէրտէրեան