Գերմանիոյ Հայոց թեմը գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեանի օրերս գումարած է իր հերթական պատգամաւորական ժողովը։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
1 եւ 2 Յուլիս 2023-ի շաբաթավերջին, առաջնորդանիստ Քէօլն քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Թեմական-Պատգամաւորական հերթական Ժողովը` նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս․ Իսախանեանի եւ ատենապետութեամբ տոքթ. Խաչիկ Գազէրի: Ժողովին ներկայ էին Թեմի հովանիին ներքոյ գործող 16 համայնքներու շուրջ 40 աշխարհական պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Թեմի հոգեւոր դասը։
Ժողովը բացուեցաւ Սերովբէ Սրբազան Հօր արտասանած Տէրունական աղօթքով եւ ողջոյնի խօսքով։ Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կարեւորեց ԹՊԺ-ի (Թեմական-Պատգամաւորական Ժողով) ամենամեայ կանոնաւոր ժողովներու գումարումը, որ հրաշալի առիթ կ՚ընծայէ խօսիլ ոչ միայն անցեալի ըրածին մասին, այլ մանաւանդ քննարկել ապագայի ծրագիրներն ու ընելիքները, լուծումներ փնտռել եւ առաջարկներ ներկայացնել առկայ մարտահրաւէրներուն համար։
Սրբազանը հրաւիրեց բոլորը՝ աշխուժօրէն եւ անկեղծօրէն մասնակցելու քննարկումներուն, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ գտնել միասնական ճանապարհներ Թեմն ու համայնքները աւելի զօրացնելու եւ մեր ծառայութիւնն աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար։
ԹՊԺ-ի Դիւանի ատենապետ Փրոֆ․ տոքթ. Խաչիկ Րաֆֆի Գազէրի բացման խօսքով եւ ժողովի օրինականութեան ստուգումէն եւ օրակարգն ընդունելէն յետոյ, ԹՊԺ անցաւ օրակարգով նախատեսուած կէտերու քննարկման։
Թեմի 2022 թուականի գործունէութեան ամփոփ տեղեկագրութիւնը լուսանկարներու զուգահեռ ցուցադրմամբ ներկայացուց Սերովբէ Սրբազան Հայրը, տեղեկագրութեան աւարտին պատասխանելով պատգամաւորներու հարցերուն։
Թեմի 2022 թուականի նիւթական հաշուետւութիւնը ներկայացուց Թեմական Խորհուրդի գանձապահ տիկ. Շաքէ Զէյնալեան։
Դրամական մուտքերն ու ելքերը մանրամասնօրէն ներկայացնելէն յետոյ, ան ներկաներուն տեղեկացուց, որ Թեմը 2022 թուականը փակած է շուրջ 60 նոր անդամներով եւ դրամական դրական հաշուեկշիռով։ Տիկ. Շաքէն պատասխանեց նաեւ ներկաներուն հարցերուն։ Ապա ներկայացուեցաւ Թեմական վերաքննիչ մարմնի զեկոյցը, որով կը հաստատուէր, որ բոլոր հաշուապահական գործառոյթները կատարուած են կանոնաւոր եւ առանց խախտումներու։
Դադարէն յետոյ ԹՊԺ շարունակեց իր աշխատանքները երկրորդ լիագումար նիստով, որու ընթացքին նախորդ ԹՊԺ-ի ընթացքին կազմուած «Թեմական-Պատգամաւորական Ժողովի գործունէութեան արդիւնաւէտւութեան բարձրացման յանձնախումբի» պատասխանատու Տ. Տիրատուր քհնյ. Սարդարեան եւ հրաւիրուած մասնագէտ տիկ. Մարինա Պօղոսեան ներկայացուցին յանձնախումբի աշխատանքներու արդիւնքները։ Տիկ. Պօղոսեան նախապէս կատարուած հարցախոյզի արդիւնքները մանրամասն ներկայացնելով վերլուծեց առկայ պատկերը, ընդգծեց նոր մեթոտներու կիրարկման անհրաժեշտութիւնը, հնարաւորութիւններն ու անոնց առնչակից վտանգները։
Այնուհետեւ կազմուեցան վեց աշխատանքային խումբեր՝
1. Հաւատք, առաքելութիւն եւ միջ-եկեղեցական
2. Սպասաւորութիւն եւ ընկերային գործեր
3. Կրթութիւն եւ նոր սերունդ
4. Արուեստ եւ մշակոյթ
5. Վարչարարութիւն
6. Ելեւմուտք։
Բոլոր հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորները բաժնուեցան աշխատանքային խումբերուն մէջ եւ ԹՊԺ աշխատանքը շարունակեց խմբային քննարկումներով, որոնց արդիւնքները եւ հնչած առաջարկները խումբերու ներկայացուցիչները ներկայացուցին լիագումար նիստին։
Կիրակի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազանին բացման աղօթքով ԹՊԺ շարունակեց իր աշխատանքները։ Աշխատանքային խումբերու ներկայացուցիչները Տ. Տիրատուրի ու տիկ. Մարինա Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ՝ շարունակեցին ներկայացնել իրենց ամփոփած առաջարկները։ Այնուհետեւ ամէն աշխատանքային խումբի համար ընտրուեցան երկուական պատասխանատուներ՝ մէկ հոգեւորական եւ մէկ աշխարհական։ ԹՊԺ աշխատանքային խումբերուն պարտականութիւն տուաւ մինչեւ 2023 տարուան վերջ շարունակել քննարկումներն ու հանդիպումները եւ բիւրեղացնել արդիւնքները եւ զանոնք ներկայացնել ԹՊԺ-ի Դիւանին եւ Թեմական Խորհուրդին։
Լիագումար երրորդ նիստի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը տեղեկութիւններ փոխանցեց Առաջնորդարանի եւ Գերմանիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ Առաջնորդարանի եւ գերմանահայ կարեւոր հաստատութիւններու հետ փոխյարաբերութիւններուն մասին։ Սերովբէ Սրբազանը ընդգծեց այդ փոխյարաբերութիւններու դրական ընթացքը եւ նշեց քանի մը յստակ ուղղութիւններ, ուր կան նաեւ դրական արդիւնքներ։
Թեմական-Պատգամաւորական Ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց նաեւ երկու Մամլոյ հաղորդագրութիւններ՝ Արցախի ներկայ իրավիճակի եւ Քէօլնի «Այս ցաւը բոլորիսն է» հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներու շուրջ։ Մամլոյ հաղորդագրութիւններն արդէն իսկ ուղարկուած են մամուլին եւ հրապարակուած Առաջնորդարանի կայքէջի եւ դիմատետրի էջին վրայ։
Ժողովական երկօրեայ նիստերը փակուեցան ԹՊԺ-ի ատենապետ տոքթ. Խաչիկ Գազէրի փակման եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։