Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, քրիստոնեայ եկեղեցիներու Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, օրերս, շնորհաւորական այցելութիւններ տուած է Հալէպի քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հինգշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, քրիստոնեայ եկեղեցիներու Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ Հալէպի քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։
Սրբազան Հօր կ'ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան։
Մակար Սրբազան այցելեց Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Ճորճ Մասրիի, Մարոնի Համայնքի Հալէպի Առաջնորդ Եուսէֆ Թոփճիի, Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Առաջնորդ Պետրոս Քասիսի, Ասորի Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Անթուան Շահտայի, Լատին համայնքի Առաջնորդ Հաննա Ճալլուֆի, Քլտան Համայնքի Առաջնորդ Անթուան Օտոյի, Արաբ Աւետարանական Համայնքի Վերապատուելի Իպրահիմ Նսէյրի եւ Յոյն Ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Աֆրամ Մաալուլիի:
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Սրբազան Հայրը Թեմի ժողովականութեան, ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց հոգեւոր պետերուն, մաղթելով որ Մանուկ Յիսուսի խաղաղութիւնն ու սէրը համակէ մարդոց սրտերն ու հոգիները եւ խաղաղութիւն տիրէ ծննդավայր Սուրիոյ եւ ողջ աշխարհին մէջ։