Օրերս Պելժիոյ մէջ, յաջողութեամբ պսակուած է «Հայ Ճամբար» ընդհանուր խորագիրը կրող երիտասարդական-պատանեկան ճամբար մը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ խմբագրութեանս յղուած թղթակցութիւնէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք թղթակցութիւնը։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ․ Տ․ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի առաջնորդութեամբ՝ Յունիս 21-23, 2024թ․ առաջին անգամ, Նիտերլանտներու եւ Պելճիքայի մէջ գտնուող եկեղեցական համայնքներուն աշխատանքով ի մի բերուած 10-17 տարեկան հարիւր երախաներու եւ պատանիներու համար, տեղի ունեցաւ Հայ Ճամբարի ծրագիրը։ Ճամբարի կազմակերպչական աշխատանքները իրականացման համար Գերշ․ Տ․ Խաժակ Սրբազան Հօր տնօրէնութեամբ նշանակուած էր յանձնախումբ մը որը կը գլխաւորէր՝ Բրշ․ Սերժ Սրկ․ Տէմիրպաճագ քովը ունենալով այլ համայնքներէն մասնակցող եկեղեցանուէր անձինք եւ Հոգեշնորհ ու Արժանապատիւ Հայրեր։
Հայ ճամբարը իրականացնելու համար նախապէս որոշուած էր տարբեր Քրիստոնէական համայնքներու ամառնային արձակուրդներ եւ ճամբարական ծրագիրներ իրակացնելու նպատակաւ գործող «Christelıjke Vakantie en Conferentiecentrum De Kroeze Danne» կեդրոնը որը կը գտնուի Նիտերլանտներու Տելտեն գիւղաքաղաքի մէջ։
Ուրբաթ, 21 Յունիս 2024թ․ երեկոյեան ժամը 17։00-ին երախաները եւ պատանիները իրենց ծնողներու եւ Հոգեւոր հովիւներու գլխաւորութեամբ մուտք գործեցին ճամբար։ Մասնակիցներուն համար նախատեսուած սենեակներ տեղաւորելէ ետք հաւաքուեցան սրահը որպէսզի ծանօթանան Գերշ․ Տ․ Խաժակ Սրբազան Հօր, հոգեւոր հովիւներուն եւ ճամբարի յանձնախումբի անդամներու ինչպէս նաեւ իրարու հետ։ Ապա, յաջորդեց ծանօթացում ճամբարի կանոններու եւ ծրագիրին հետ։ Յետ բացատրութեանց բոլորը ուղղուեցին դէպի ճաշարան ընթրիքի, որը սկսուեց աղօթքով։ Ընթրիքէն ետք գիշերային աղօթքը կատարուեցաւ։
Յաջորդ առաւօտ բոլոր մասնակիցները արթնացան առաւօտեան ժամը 8։00-ին նախաճաշելու եւ առաւօտեան աղօթքի մասնակցելու համար։ Աղօթքէն ետք, մասնակիցները երկու տարիքային խումբին բաժնուեցան հոգեւոր եւ մշակութային ծրագիրներու մասնակցելու համար։ Բացի դաստիարակչական ծրագիրներու, նախատեսուած էին նաեւ զանազան զբաղմունքներ՝ պար, լող, ոտնագնդակ եւ այլ խաղեր։ Երեկոյեան ժամերուն ընթրիքէ առաջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն: Ժամերգութեան ընթացքին երիտասարդներն ու երեխաները այդ օրը իրենց կողմէ պատրաստուած աղօթքները ընդերցեցին։ Ընթրիքէն ետք երախաները երկու խումբի բաժնուեցան՝ երաժշտական երեկոյի եւ ոտնագնդակի խաղը դիտելու համար։
Կիրակի առաւօտ ճամբարի մեծ սրահի մէջ Խաժակ Սրբազան ճամբարի բոլոր մասնակիցներու ներկայութեան Սուրբ Պատարագ մատոյց ընթերականութեամբ՝ Հոգշ․ Տ․ Մաղաքիա Աբղյ․ Պէսքիսիզեանի։ Խաժակ Սրբազան իր հոգեւոր պատգամին մէջ ներկաներուն յիշեցուց Պենտեկոստէի դէպքը ըսելով «Քիչ առաջ Գործք Առաքելոց 2:1-3 ի ընթերցման ժամանակ լսեցինք որ Քրիստոսի աշակերտները հաւաքուած էին վերնատան մէջ միասին եւ միասիրտ կաղօթէին, ինչպէս որ մենք հիմա այստեղ միասին եւ միասիրտ ենք եւ միատեղ կ՛աղօթենք։ Վերնատան մէջ Սուրբ Հոգին կրակի լեզուներու նմանութեամբ իջաւ առաքեալներու վրայ եւ անոնք Սուրբ Հոգւով լեցուեցան եւ զգացին Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց մէջ։ Այդ պարզ ձկնորս մարդիկ աշխարհը փոխեցին: Աւետարանի պատգամը այն է որ մեզմէ որեւէ մէկը երբ զգայ Աստուծոյ ներկայութիւնը իր մէջ կրնայ հրաշքներ գործել։ Այնպէս որ դուք ալ հաւատալով Քրիստոսին եւ հետեւելով իր օրինակին կրնաք հրաշքներ իրականացնել ձեր կեանքին մէջ»։
Իր հոգեւոր պատգամի վերջաւորութեան Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց Սէրժ Տէմիրպաճակի գլխաւորութեամբ Հայ Ճամբարի խորհուրդի անդամներուն ու կամաւորներուն: