image

Գերշ. Տ. Խաժակ արք.ին բարձր գնահատանք՝ Վատիկանի Սուրբ Աթոռէն

   Գերշ. Տ. Խաժակ արք.ին բարձր գնահատանք՝ Վատիկանի Սուրբ Աթոռէն

 Հռոմէն բարի լուր մ՚ըստացանք, որուն հիմամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վաստակաշատ եւ խոհեմ միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան պարգեւատրուած է Վատիկանի Սուրբ Աթոռի յատուկ շքանշանով։

  Մեր կարգին  լիապէս կը շնորհաւորենք Սրբազան Հայրը,  մաղթելով    Սրբազնութեանը  երկարատեւ   եւ առողջ կեանք,   բեղուն գործունէութիւն ու մշտանորոգ քրիստոնէափայլ առաքելութիւն։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ՝ «Արեւելք»ին ուղարկուած հաղորդագրութիւնը։

 

23 Յունուարին Հռոմի Ս. թովմա Ագվինացիի անուան քահանայապետական համալսարանի մէջ սարքուեցաւ հանդիսաոր արարողութիւն մը, նուիրուած՝ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու պաշտօնական երկխօսութեան քսանամեակին։

 

Հանդիսութեան վերջաւորութեան Վատիկանի Քրիստոնէական միութեան խրախուսման բաժնի ղեկավար Քարտինալ Քուրթ Քոխ Ֆրանսիսքօ Ա. Պապի գնահատանքը փոխանցեց Խաժակ Արք. Պարսամեանին, նշելով որ ան երկար տարիներու ընթացքին կարեւոր ջանքեր վատնած է քրիստոնեաներու միութեան եւ մասնաւորաբար կաթոլիկ ու հայ եկեղեցիներու միջեւ սերտ յարաբերութիւնները խորացնելու ուղղութեամբ։

 

Առ ի գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան, Ֆրանսիսքօ Ա. Պապի կողմէ Քարտինալ Քոխ Խաժակ Սրբազանի կուրծքը զարդարեց «Արժանիքի շքանշան»ով