image

Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեանին գիտական դոկտորի կոչում. Սրբազանը այն յանձնեց Ամենայն Հայոց Հայրապետին

Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեանին գիտական դոկտորի կոչում. Սրբազանը այն յանձնեց Ամենայն Հայոց Հայրապետին

19 Յունուարին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունած է Անգլիոյ Տարեմի համալսարանին մէջ աստուածաբանութեան ոլորտի մէջ փիլիսոփայութեան դոկտորի կոչման արժանացած Մասյացոտնի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը։

Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ Գէորգ Սրբազան իր ուսումնառութիւնը շարունակած է Տարեմի համալսարանին մէջ՝ պաշտպանելով դոկտորական թէզ «Հայոց Եկեղեցւոյ մարդասիրական մշակոյթի ծագումը․ Ներսէս Մեծը եւ յունական ազդեցութեան հարցը» թեմայով։

Հանդիպման Ամենայն Հայոց Հայրապետը, կարեւորելով Սրբազան Հօր գիտական ձեռքբերումը, ընդգծած է, որ սոյն աշխատութիւնը հնարաւորութիւն կ'ընձեռնէ հանրութեան եւ աստուածաբաններուն ի մօտոյ ծանօթանալու Ներսէս Մեծ հայրապետի մարդասիրական գործունէութեան։

Հայոց Հովուապետը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ հոգեւոր ծառայութեան զուգահեռ եկեղեցականները կը ծաւալեն նաեւ գիտական գործունէութիւն՝ յորդորելով Գէորգ Սրբազանը նոր ուսումնասիրութիւններով արգասաւորել ամբարած գիտելիքները։

Աւարտին առաջնորդ Սրբազանը Նորին Սրբութեան յանձնած է իր թէզի աշխատութիւնն ու դոկտորական կոչման վկայականը։