image

Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպանները մասնակցած են Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ քննարկման

Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպանները մասնակցած են Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ քննարկման

Յունուար 27-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպանները, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը եւ Պունտեսթագի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը քննարկած են իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Այս մասին կը տեղեկանանք Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիմատետրեան էջէն։

Քննարկումը կրած է «Հարաւային Կովկասի մէջ շրջադարձային ժամանակներ․ պատմական խաղաղութիւն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, Գերմանիոյ դերը եւ Եւրոպայի նոր արեւելեան կապը» խորագիրը։

Հաղորդուած է, որ միջոցառման ներկայ եղած են տասնեակ փորձագէտներ, պատգամաւորներ, եւ լրատուամիջոցներ։ Այն կազմակերպուած էր Միւնիխի Մաքսիմիլիանս համալսարանի եւ Աախենի համալսարանի «Միջազգային համագործակցութեան, արհեստագիտական դիւանագիտութեան եւ հաղորդակցութեան բաժնի» կողմէ։