ՀՅԴ քանի մը անդամներ, որոնց շարքին՝ Գերասիմ Վարդանեանը այսօր՝ 11 յունուարին, բերման ենթարկուած են։ Տեղեկութիւնը NEWS.am-ին յայտնած է ՀՅԴ անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը։
Ան յայտնած է նաեւ, որ առաւօտեան իրաւապահները խուզարկութիւն իրականացուցած են ՀՅԴ Արարատի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գերասիմ Վարդանեանի տան մէջ։
Թէ ինչ գործով խուզարկութիւն իրականացուած է ՝ յայտնի չէ։ Գերասիմ Վարդանեանն այսօր հրաւիրուած էր Քննչական կոմիտէի Արարատի մարզային վարչութիւն։