2023 թուականի առաջին կիսամեակին զօրքերու պատրաստութեան աստիճանը գնահատելու եւ ամփոփելու շրջածիրէն ներս ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի 1-ին տեղակալ, զօրավար-մայոր Էտուարտ Ասրեանի կողմէ կ'իրականացուին մարտական պատրաստականութեան, պատրաստութեան, մարտունակութեան, զօրքերու կառավարման եւ ապահովման կազմակերպման համալիր ստուգումներ:
Յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Ստուգումներուն ներգրաւուած են ինչպէս համազօրային, այնպէս ալ զօրատեսակներու ու յատուկ զօրքերու ուժեր ու միջոցներ: