Ճարտարապետա-սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհի հետեւանքով այրուածքներ ստացած զինծառայողներէն երկուքը վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ են։
Այս մասին այսօր՝ 19 յունուարին, Կառավարութեան նիստին հաղորդած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը։
Անոր խօսքով` երեք զինծառայողներն ալ կը գտնուին Այրուածքաբանութեան կեդրոնին մէջ։
«Մէկի վնասուածքներն աւելի թեթեւ են, բաժանմունքային պացիենտ է»,–ըսած է Աւանէսեանը։