Իր առաքելութեան ակնարկելով «շրջիկ» ածականը օգտագործեցինք Մուրտ Էզերի համար։ Ան նոյնիսկ թափառական շրջիկ մըն է շատերուն համար, քանի որ հարկադրուած է ամենանուազ ծախսերով ճամբորդել երբեմնի հայաշատ քաղաքներու միջեւ։
Մենք կը հաւատանք թէ անոր աշխատանքը ժամանակի վկայութիւն է, քանի որ էջերու տողերէն բացի ան իր վկայութիւնները կ՚արձանագրէ լուսանկարով եւ մանաւանդ ալ վիտէյօ ժապաւէններով։ Այդ աշխատանքի հետեւանքը եղաւ զանազան վաւերագրական ֆիլմեր, կամ լուսանկարչական ցուցահանդէսներ, որոնք հրատարակուեցան նաեւ հեղինակի մեծ զոհողութիւններով։
Այս շաբաթ շարունակուող երրորդ յօդուածով աւարտին կը հասնի մերօրեայ կարեւոր շրջիկ Մուրատ Էզերի յօդուածաշարքը։
Ան այս անգամ նախ այցելած էր Սասնայ Մարութա Սառը, ապա իր ուղեւորութիւնը շարունակած դէպի Օրտու եւ Սինոփ քաղաքները։
Մուրատ Էզեր իր այցելած վայրերու մէջ յաճախ կը հանդիպի հայու բեկորներու, որոնց հետ անցեալին ծանօթութիւն ունեցած, հարցազրոյցներ վարած է։ Շատ ալ դիւրին չէ Մուրատ Էզերի այս աշխատութիւնը։ Իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ հատուկենտ մնացած հայեր կը խուսափին օտարի մը հետ զրուցելէ։ Էզեր որոշ ջանք կը վատնէ անոր լեզուի կղպանքը բանալու համար։ Բայց երբ անգամ մը բացուի ընտանեկան պատմութեան մը ծրարը, դուրս կու գայ շատ հետաքրքրական ապրումներ։
Մուրատ Էզերի խօսակիցներէն շատեր եթէ առանձին են իրենց բնօրրանին մէջ, անդին ունին մեծ քաղաք տեղափոխուած բազմանդամ գերդաստան մը։ Իրենց համար կարծես սրբութիւն մըն է պապերէ ժառանգուած արհեստը շարունակել։ Այդպիսին էին օրտուցի քոյր ու եղբայրը, որոնք հանրածանօթ էին իբրեւ հայ դեղագործ եւ հայ բժիշկ։ Տերիքի մէջ նոյնն է պատկերը, երբ հայ մը իր պապերէն ժառանգած օճառի արտադրութիւնը կը շարունակէ իր նախնեաց հիմնած գործարանին մէջ։
Իր առաքելութեան ակնարկելով «շրջիկ» ածականը օգտագործեցինք Մուրտ Էզերի համար։ Ան նոյնիսկ թափառական շրջիկ մըն է շատերուն համար, քանի որ հարկադրուած է ամենանուազ ծախսերով ճամբորդել երբեմնի հայաշատ քաղաքներու միջեւ։
Մենք կը հաւատանք թէ անոր աշխատանքը ժամանակի վկայութիւն է, քանի որ էջերու տողերէն բացի ան իր վկայութիւնները կ՚արձանագրէ լուսանկարով եւ մանաւանդ ալ վիտէյօ ժապաւէններով։ Այդ աշխատանքի հետեւանքը եղաւ զանազան վաւերագրական ֆիլմեր, կամ լուսանկարչական ցուցահանդէսներ, որոնք հրատարակուեցան նաեւ հեղինակի մեծ զոհողութիւններով։
Գիտենք թէ մեր կրթօճախները փայլուն դիրքի մէջ պահելու կամ եկեղեցիները ներկայանալի դարձնելու համար կը ստանձնենք հսկայ գումարներու հատուցում։ Բայց երբեք չենք խորհիր Մուրատ Էզերի որդեգրած ծառայութիւնը աւելի տանելի դարձնելու ուղղուած միջոցներ ձեռքբերելու մասին։
Այս շաբաթ իր վերջին յօդուածաշարքին աւարտին առաջին անգամ ընթերցողին հետ կը կիսէ իր ապրած դժուարութիւնները։Ան կը խօսի հայու կորուսեալ բեկորները վերագտնելու համար կատարած ճամբորդութիւններուն։ Միայն երկրի տարածքին 52 հազար քմ. է իր անցած ճանապարհը։ «Միշտ ավտոպուսով ճամբորդեցի եւ հարկադրուեցայ ամենամատչելի հիւրանոցները իջեւանելու» կը պատմէ Մուրատ Էզեր։ Այդ ըսելով հանդերձ շատ սխալ պիտի ըլլայ կարծել թէ ան զղջումներ կ՚ապրի իր որդեգրած առաքելութեամբ բերմամբ։ Ո՛չ, Մուրատ Էզերը կը գիտակցի իր կատարածի կարեւորութեան եւ պայմանները որքան ալ դժուար ըլլան պիտի շարունակէ իր ուղղութիւնով։
Դարձեալ սոյն յօդուածին մէջ Մուրատ Էզեր իր մասին կ՚օգտագործէ «սեւ հայ» եզրը։ Պոլսահայ համայնքէ ներս տիրող քաղքենիացման մէջ ճիշդ է, որ սեւ հայ մըն է Էզերը եւ այդ իսկ պատճառաւ ալ գլուխ կը հանէ 40 սպիտակ հայու անճարակութեան մատնուելիք գործեր։
Մեր ժամանակներուն իրողութիւնն է այս եւ եթէ արթուն կերպով դիտենք մեր շուրջ բոլորը, պիտի տեսնենք թէ կան նման ծանր գործեր յանձն առած ուրիշներ ալ, որոնք դիւրաւ կը պիտակաւորուին այս համայնքի աւանդական հասարակութեան կողմէ։
Վարձքդ կատար սիրելի Մուրատ Էզեր, որ ստանձնած ես Հրանդ Կիւզելեաններու, Հերման Օզինեաններու, Տէր Շաւարշ Քահանայ Պալըմեաններու, Տէր Կիրակոսներու սրբազան պարտականութիւնը։
Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան
«Ակօս»