image

Գատիրով- Փութին «Սելֆի» առած են

Գատիրով- Փութին «Սելֆի» առած են

Չեչնիոյ ղեկավար Ռամզան Գատիրովը թելեկրամեան իր ալիքով հրապարակած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ լուսանկար, որ առնուած է պետութեան ղեկավարին հետ 25 նոյեմբերին երեկոյեան կայացած աշխատանքային հանդիպումէն յետոյ։

Ինչպէս ըսած է Գատիրով, նախագահի հետ հանդիպման քննարկուած է Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութեան չեչենական ստորաբաժանումներու մասնակցութեան հարցը։

Անոր խօսքով՝ ինքը Փութինին զեկուցած է Չեչնիոյ մէջ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ազգային պահակներու նոր ստորաբաժանումներու մարտական ​​փորձ ունեցող կործանիչներով յաջող համալրման մասին։ Բացի այդ, ան գերագոյն հրամանատարին զեկուցած է ստորաբաժանումներու մատակարարման, տեխնիկայի, մարտավարական հնարաւորութիւններու մասին։

«Երկխօսութեան ընթացքին Վլատիմիր Վլատիմիրովիչը նշած է տարածաշրջանի մեծ ներդրումը գործողութեան կատարման գործին մէջ, մասնաւորապէս՝ առաջնագիծին մեր մարտիկներու ձեռքբերումները, անոնց մարտական ​​ոգին եւ փորձը, զօրամասերու համալրումը եւ կամաւորներու ջոկատներու նախապատրաստումը»,- գրած է Չեչնիոյ ղեկավարը։

ՌԴ նախագահը, ինչպէս աւելցուցած է Գատիրովը, նաեւ նշած է, որ Ռուսիան այժմ «համերաշխ հայրենասէրներու երկիր է, որ կը դիմագրաւէ Արեւմուտքի յարձակումները՝ որպէս մէկ մեծ եւ բարեկամ ընտանիք», ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է զինուորականներուն՝ իրենց նուիրուածութեան եւ առաջնագիծին ունեցած յաջողութիւններուն համար։