Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի յայտարարած է, որ ներողութիւն խնդրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն քաղաքական գովազդի համար եւ Օնթարիոյի վարչապետ Տուկ Ֆորտէն խնդրած է չցուցադրել այն։
Քարնի յայտնած է, որ հանդիպած է Թրամփի հետ Հարաւային Քորէայի մէջ կայացած Ասիա-խաղաղովկիանոսեան գագաթնաժողովի ընթացքին եւ ընթրիքի ժամանակ հայցած Միացեալ Նահանգներու նախագահի ներողամտութիւնը։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ նախապէս դէմ եղած է գովազդի ցուցադրման։
Գովազդին մէջ, որ պատրաստուած էր Տուկ Ֆորտի պատուէրով, օգտագործուած էր Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ռոնալտ
Ռիկընի խօսքերը մաքսատուրքեր սահմանելու վտանգներուն մասին՝ զանոնք բնորոշելով որպէս առեւտրային պատերազմներու եւ տնտեսական ճգնաժամերու պատճառ։
Թրամփն ալ, իր հերթին յայտարարած էր, որ կը բարձրացնէ Գանատայէն ներմուծուող ապրանքներու մաքսատուրքերը եւ կը դադրեցնէ Գանատայի հետ առեւտրային բանակցութիւնները: