image

Գամիշլիի մէջ. Մահացած է Զօհրապ Սարգիսեանը, հանգուցեալը հայրն էր՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի (Լուսանկար)

Գամիշլիի մէջ. Մահացած է Զօհրապ Սարգիսեանը, հանգուցեալը հայրն էր՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի (Լուսանկար)

Գամիշլիի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Զօհրապ Սարգիսեանը։

Ընտանիքին հարազատներու եւ Գամիշլիի հայկական համայնքին մէջ յարգուած եւ սիրուած անձնաւորութիւն եղած է ան եւ ողջ կեանք մը նուիրած է յանուն իր ընտանիքի բարօրութեան։

Արմատներով Տարօնցի Զօհրապ  իր աչքերը բացած է Գամիշլիի մէջ (1940 թուականին ), ուր վաղ հասակէն նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ կազմած է ընտանիք Լուսվարդ Ղազարեանին հետ հայր դառնալով  6 զաւակներու ՝Վարդուկ, Տալիտա, Արամ, Արծիւ, Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. եւ Ռիթա։ 

Հանգուցեալի  վերջին հրաժեշտի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կայացուի յառաջիկայ  օր  դեկետմբերին Գամիշլիի Հայց. Առաքելական Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ։

  Նշենք նաեւ, որ Սարգիսեան հայրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքինի միաբաններէն, ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Հայոց Թեմերու առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանին։

Նշենք, որ այս տխուր առթիւ ցաւակցական հեռախօսազանգ տեղի ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ, որ իր հայրական հոգատարութիւնն ու ցաւակցութիւնները փոխանցած է Սրբազան հօր։ 

 «Արեւելք» կը միանայ վշատկցութիւններուն յաւելեալ ուժ ու կորով մաղթելով մեզի համար սիրելի Գերշ. Մեսրոպ Սրբազանին։