image

Գամիշլի քաղաքը՝ ձիւնածածկ (Լուսանկարներ)

 Գամիշլի  քաղաքը՝   ձիւնածածկ (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ սահմանային հատուածի  Գամիշլի քաղաքին մէջ եւս ձիւն տեղացած է։ 

 Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ համացանցէն։

 Նշենք, որ  Մերձաւոր Արեւելեան քաղաքները հարուածող   ձիւնաբեր եղանակէն  ազդուած են  սուրիական շարք մը քաղաքներ եւ նոյնիսկ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսը։

 

Գամիշլին, որ բազմակողմանիօրէն խորհրդանշական քաղաք կը համարուի   հայութեան համար եւս ունի կարեւոր նշանակութիւն եւ Մեծ Եղեռնի հետեւանքով Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շէներէն ու յատկապէս  հերոսական Սասունէն այդ կողմերը հասած  մեր հայրենակիցները շնորհիւ իրենց պողպատեայ կամքին յաջողած են ստեղծել համայնքային կայուն  եւ բարգաւաճ կեանք։

 

Լուսանկարները՝ Գամիշլիհայ  մեր հայրենակիցներէն՝ Ատուր Ադամեանի դիմատետրի էջէն։