Պաշտօնական այցով Գահիրէ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է երկրի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ, յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն։
Նախ տեղի ունեցած է երկու երկիրներու առաջնորդներու առանձնազրոյցը, այնուհետեւ քննարկումները շարունակուած են ընդլայնուած կազմով:
Եգիպտոսի նախագահը ողջունած է վարչապետ Փաշինեանի պաշտօնական այցը եւ ընդգծած, որ այն նոր ազդակ պիտի հաղորդէ Եգիպտոս-Հայաստան բազմաոլորտ համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման: Ապտել Ֆաթթահ Սիսին շեշտած է հայ եւ եգիպտացի ժողովուրդներու բազմադարեայ սերտ կապերու փաստը` աւելցնելով, որ Եգիպտոսի հայ համայնքն իր ուրոյն դերն ունի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործին մէջ:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար`աւելցնելով, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգիռ է Եգիպտոսի հետ կապերու ընդլայնման ու խորացման գործով: Վարչապետը կարեւորած է առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը եւ առկայ ներուժի իրացման գործին մէջ ընդգծած գործարար կապերու զարգացման անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի եւ Եգիպտոսի ղեկավարները քննարկած են Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջաններուն մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն առնչուող հարցեր․ «Երկուստեք կարեւորուել է խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումն ու այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերի իրականացումը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Փաշինեանը Եգիպտոսի գործընկերոջ մանրամասներ ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ տեղի ունեցող քննարկումներու վերաբերեալ եւ անդրադարձած հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումներուն: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին եւ ատոր սկզբունքներուն: Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձանց մարդասիրական խնդիրներուն եւ ատոնց լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան քայլերուն:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ հանդիպման քննարկուած են նաեւ տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, զբօսաշրջութեան, օդային հաղորդակցութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու, գիւղատնտեսութեան, շրջակայ միջավայրի, կրթութեան, մշակոյթի ոլորտներու մէջ համատեղ նոր ծրագրերու իրականացման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ ստորագրուած են փաստաթուղթեր
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հանդիպումէն ետք, երկու երկիրներու ղեկավարներու ներկայութեամբ, Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ տեղի ունեցած է փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը:
Մասնաւորապէս, ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան եւ Եգիպտոսի միջազգային համագործակցութեան նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է տնտեսական համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիր: Այն ստորագրած են ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Ռաֆայէլ Գէորգեանը եւ Եգիպտոսի միջազգային զարգացման համագործակցութեան նախարար Ռանիա ալ-Մաշաթը:
ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան եւ Եգիպտոսի գիւղատնտեսութեան եւ հողերու բարելաւման նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ գիտատեխնիկական համագործակցութեան մասին 2024-2026 թուականներու իրականացման ծրագիրը: Այն ստորագրած են Ռաֆայէլ Գէորգեանը եւ Եգիպտոսի գիւղատնտեսութեան նախարար Սայէտ ալ-Քասերը:
Հայաստանի շրջակայ միջավայրի նախարարութեան եւ Եգիպտոսի շրջակայ միջավայրի նախարարութեան միջեւ ալ ստորագրուած է շրջակայ միջավայրի պահպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիր: