image

Գահաժառանգ Պըն Սալման մտադիր է տապալել Middle East Eye

Գահաժառանգ  Պըն  Սալման   մտադիր է  տապալել Middle East Eye

Սէուտական Արաբիան սկսած է «ռազմավարական ծրագրի» մը իրականացման, որու նպատակն է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին թուլացնել   եւ ապա պաշտօնազուրկ ընել: Այս մասին  կը գրէ   Middle East Eye,  յղում  ընելով իր    տրամադրութեան տակ   յայտնուած  գաղտնի  զեկոյցի մը։ Ծրագիրը մշակուած է  սէուտցի    ընդդիմադիր   լրագրող Ժամալ Խաշոգճիի Պոլսոյ մէջ  սպանութենէն ետք:

Զեկոյցին մէջ նշուած է թէ Խաշըգճիի սպանութիւնը միջազգայնացնելու  մէջ, մեծ դեր խաղացած է  Թուրքիան,  որ  «չափազանց հեռու երթալով»  նոյնիսկ ամբաստանած է Պըն Սալման,  սպանութիւնը կազմակերպելու  մէջ։

  Այդ փուլէն  ետք է,  որ Ռիատ  յանգած  այն որոշման, որ ժամանակն է «ուժեղացնել պատասխան հարուածը» եւ թուլացնել Էրտողանի ազդեցութիւնը: Ծրագրին համաձայն՝ Սէուտական Արաբիան մտադիր է առաջին հերթին դադրեցնել  իր ներդրումները թրքական տնտեսութեան մէջ, կրճատել երկրի զբօսաշրջային հոսքերը եւ  Թուրքիայէն ներմուծման ծաւալները, իսկ գլխաւորապէս  նուազեցնել իսլամական հարցերու մէջ Թուրքիոյ դերը:

Այսպիսով Էրտողան զբաղելով իր ներքին խնդիրներով, ճնշման տակ սխալներ գործելով, ի վերջոյ պիտի տապալի ընդդիմութեան կողմէ:

 Պարբերականը  նաեւ կը յաւելէ, որ այսօր Սէուտական Արաբիան  արդէն   իսկ սկսած է իր ծրագրի գործադրութեան  արգելափակելով  են թրքական 80 բեռնատարեր, որոնք կը  փոխադրեն 300   պահեստատուփեր (գոնթէյնըր):

 Նոյն  առումով կը նշուի  նաեւ, որ  դէպի  Թուրքիա Սէուտցի զբօսաշրջիկներու թիւը կրճատուած է:

Middle East Eye-ի համաձայն, Սէուտական Արաբիան իր յարաբերութիւնները խզած է Էրտողանի հետ եւ  նոյնիսկ   հրաւէր չէ ուղարկած Մեքքայի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովի մասնակցութեան:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը տեղեակ այս բոլորէն, կը փորձէ Թագաւոր ՝ Սըլմանի  հետ կարգաւորել յարաբերութիւնները, քննարկել հարցերը, վերջերս  Թուրքիա հրաւիրելով  թագաւորի ընտանիքը, ներառեալ արքայազնը Պըն Սալմանը: