Եւրոպական Միութիւնը կը դիտարկէ աջակցիլ Հայաստանի զինուած ուժերուն ոչ մահաբեր զէնքերու տեսակէտէ, 4 ապրիլին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը «Հայաստանի եւրոպական համարկման նոր հեռանկարները եւ մարտահրաւէրները» թեմայով Ազգային Ժողովի լսումներուն։
«Էական աջակցութեան մասին է խօսքը, որ կարողանանք զօրացնել կարողութիւնները», - նշած է դեսպանը:
Համաձայն դեսպան Մարակոսի՝ սա կը վերաբերի Եւրոպական խաղաղութեան մեխանիզմի շրջանակներուն։
«Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ ամբողջաական յանձնառու մնալ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման եւ կարգաւորման հարցին, ներառեալ այն հանդիպումները, որոնք կազմակերպած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահը»,- ընդգծած է Մարակոսը:
Նոյեմբերին Եւրոմիութեան պատուիրակութիւնը յայտարարած էր, թէ Եւրոպական Միութիւնը լրացուցիչ պիտի ուսումնասիրէ եւրոպական խաղաղութեան շրջանակի միջոցով Հայաստանի զինուած ուժերուն ոչ մահաբեր ձեւաչափի աջակցութիւնը։